Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ «Անահիտ» երաժշտանոցի տարեկան համերգը
- (0)

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, 20 մայիս 2026-ին, Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ «Անահիտ» երաժշտանոցի տարեկան համերգը։
Տիկին Անահիտ Կուտսուզեանի աշակերտները, 31 տարուան ընթացքին, ունեցած են զանազան համերգներ՝ օգնելու Հայաստանի որբանոցներուն, հոգալու երեխաներու անմիջական եւ անհրաժեշտ կարիքները, ինչպէս նաեւ ի նպաստ Հայաստանի Նիկողայոս Տիգրանեանի անուան դպրոցի տեսողութենէ զուրկ տաղանդաւոր աշակերտներու բժշկական օգնութեան եւ Պրէյլի այբուբենով յատուկ գիրքերու ու այլ անհրաժեշտ պարագաներու ապահովման։
Աշակերտները համերգներ ունեցած են նաեւ Թորոնթոյի հայ տարեցներու համար յատկացուած յատուկ բնակավայրերու մէջ՝ ուրախութիւն պարգեւելով անոնց։
«Դրօշ Եռագոյն» տեսահոլովակը, կազմակերպուած տիկին Անահիտ Կուտսուզեանի կողմէ եւ մասնակցութեամբ իրեն, իր աշակերտներուն, Թորոնթոյի հայ երիտասարդ երգիչներուն, հանրածանօթ «Սասուն» պարախումբին, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյէն եւ Լոս Անճելոսէն երաժիշտներու, իւրայատուկ բարեգործական ծրագիր մըն էր՝ նուիրուած 2020 թուականի պատերազմին ծանրօրէն վիրաւորուած հայ հերոսներուն։ Ծրագիրին նպատակն էր ապահովել անոնց բժշկական օգնութիւնը, որ տակաւին ընթացքի մէջ է մինչեւ այսօր, եւ անգամ մը եւս յիշեցնել մարդոց՝ գնահատելու կեանքի արժէքները։
Համերգը սկսաւ ներկաներու ուրախ տրամադրութեան մէջ։ Երգով եւ նուագներով յաջորդաբար բեմ բարձրացան հետեւեալ աշակերտները՝ Ալիանա Աթթա, Արփի եւ Լիլիթ Աբրահամեաններ, Թովմաս եւ Միլա Օլիվիէրա, Անճել Յարթունեան, Վիքթորիա Կոլենթսի, Թէա Ճեսթադթ, Մարիամ եւ Դաւիթ Պոյաճեան, Արջուն Ջինտալ եւ Քաթրին Մատոյեան։ Քանոնի նուագակցութեամբ ելոյթ ունեցաւ Աստղիկ Ալթունեան։
Անահիտ Կուտսուզեանի կատարմամբ հնչեցին Վահան Տէրեանի խօսքերով եւ Վաչէ Յովսէփեանի երաժշտութեամբ «Էստոնական» («Երբ կը յոգնես, կը գազազես աշխարհից») ստեղծագործութիւնը, ինչպէս նաեւ անգլերէն «Թումպալալայկա» երգը։
Անահիտ Կուտսուզեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ Առիւծ Կուտսուզեանին՝ իր օգնութեան համար, որ կարելի դարձուց այս գեղեցիկ համերգին իրականացումը, ինչպէս նաեւ «Անահիտ» երաժշտանոցի աշակերտներուն ամէնամեայ ելոյթին նկարահանումը։
Բոլոր կատարումները հաճելի եւ սրտայոյզ էին։
Համերգը աւարտեցաւ բուռն ծափահարութիւններով եւ ներկաներու բարձր տրամադրութեամբ։