Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Սեւծովեան Շրջանի Անդամ Կազմակերպութիւններու Երեւանեան Համաժողով

Ծիծեռնակաբերդի բարձունք այցելութեամբ սկսաւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան Սեւծովեան շրջանի անդամ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն երեւանեան համաժողովը:

Համաժողովը հիւրընկալած է աշխարհի մեծագոյն երիտասարդական-քաղաքական այս կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ ՀՅԴ Երիտասարդականը:

Երեւան եկած հիւրերը ողջունելով` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ համաժողովը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի համար ծանր ու լարուած պայմաններու մէջ. ընդամէնը քանի մը օր առաջ Ազրպէյճան յարձակած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ:

Համաժողովի քննարկման հիմնական նիւթը Սեւծովեան շրջանի երկիրներուն մէջ մարդու իրաւունքներու, անոնց ոտնահարման հետ կապուած իրավիճակն էր: Իւրաքանչիւր երկրի ներկայացուցիչ պատմեց իր պետութեան խնդիրները, միտքերու փոխանակում կատարուեցաւ` լուծումներ գտնելու համար: Համաժողովին Արցախի ներկայացուցիչը խօսեցաւ արցախահայութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի նախայարձակ քաղաքականութեան մասին` օտարերկրացի պատուիրակներուն մօտ իրավիճակի աւելի ճիշդ պատկեր ձեւաւորելու համար:

Արցախի դէմ թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմը, նաեւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ վերջին յարձակումը Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը խստօրէն դատապարտած է: Կ՛աջակցի նաեւ Արցախի միջազգային ճանաչման:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Ասպրամ Կրպէեան ուշադրութեան հրաւիրեց Ազրպէյճանին Թուրքիոյ` զէնքով ու վարձկան ահաբեկիչներով բացայայտ աջակցութեան վրա:

Հայ ռազմագերիներու, զոհուած զինուորներու ու խաղաղ բնակիչներու նկատմամբ ազրպէյճանցի զինուորներու իրականացուցած խոշտանգումներուն մասին պատմեց իրաւապաշտպան Ռուբէն Մելիքեան` նշելով զանոնք ծնող գլխաւոր պատճառը:

Նախայարձակ Ազրպէյճանի մասին այժմ աւելի քաջատեղեակ համաժողովի մասնակիցները այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու զոհուած հայորդիներուն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.