Էրտողան. Թուրքիա պիտի շարունակէ նպաստել Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան հաստատման

ՊԻՇՔԷՔ.- Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, Պիշքէքի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին, յայտարարած է, որ Անգարա պիտի շարունակէ նպաստել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման։

«Մենք պիտի շարունակենք նպաստել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման։ Ձեռք բերուած խաղաղութիւնը կենսական ուժի աղբիւր պիտի դառնայ մեր տարածաշրջանին համար», ըսած է Էրտողան։

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ ընդգծած է, որ «երկու պետութիւն, մէկ ժողովուրդ» սկզբունքին համապատասխան՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու խորացումը բոլոր բնագաւառներուն մէջ կը համապատասխանէ երկու երկիրներու շահերուն։

Ան շեշտած է նաեւ Անգարայի եւ Պաքուի համատեղ քայլերուն կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ անոնց նշանակութիւնը «յատկապէս նկատելի է տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակի լոյսին տակ»։

Էրտողանի յայտարարութիւնը կը յաջորդէ օգոստոս 31-ին Պիշքէքի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ կայացած հանդիպման։

Հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու հաղորդագրութիւններուն համաձայն՝ Փաշինեան եւ Ալիեւ քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացի ընթացքը, սահմանազատման յետագայ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ TRIPP-ի իրականացման առնչուող յաջորդ քայլերը։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ առեւտրական, տնտեսական եւ ուժանիւթային համագործակցութեան ընդլայնման, ներառեալ՝ ատրպէյճանական նաւթամթերքի Հայաստան արտածման եւ Ատրպէյճանի տարածքով տարբեր ապրանքներու տարանցման կարելիութիւններուն։