Էտըմ Շիֆի Արշաւին Կը Միանան 17 Քոնկրէսականներ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրէսական Էտըմ Շիֆ նամակով մը դիմած էր իր պաշտօնակիցներուն՝ կոչ ընելով անոնց, որ զօրակցին Ատրպէյճանին արդիական եւ յատկապէս արձակազէններու յատուկ հրացաններ տրամադրելու ծրագիրը կասեցնելու, յատկապէս այս օրերուն, երբ Ատրպէյճան կը շարունակէ շրջափակել Արցախը։

Այս արշաւին միացած են 17 քոնկրէսականներ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս քայլը, անտրամաբանական համարելով Ատրպէյճանի նման բռնապետական պետութեան մը զինումը շարունակելու՝ Ուաշինկթընի կեցուածքը։ Անցեալ Փետրուարին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ անոր Ռոտ Այլընտի մասնաճիւղը եւս դիմեցին Ճինա Ռայմոնտոյին, որ կասեցնէ Ատրպէյճանին արդիական եւ յատկապէս արձակազէններու յատուկ հրացաններ տրամադրելու ծրագիրները՝ ազդարարելով, որ այդ զէնքերը կրնան գործածուիլ ամերիկահայերու հետ ազգականական կապեր ունեցող Արցախի եւ Հայաստանի հայերուն դէմ:

Հրացաններու վաճառքին լուրը բացայայտուեցաւ հայամէտ ծերակուտական Պապ Մենենտէսի կողմէ, որ նոյնպիսի նամակ մը յղեց նախարարին եւ «խոր մտահոգութիւն ու զօրաւոր ընդդիմութիւն» յայտնեց այսպիսի նախաձեռնութեան մը դէմ՝ պահանջելով, որ դաշնակցային իշխանութիւնները եւս ընդդիմանան անոր:

Comments are closed.