Զախարովա կը պնդէ, թէ ՀԱՊԿ-ի մասնակցութիւնը Արցախի հակամարտութեան անհնար էր
- (0)

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան՝ ՀԱՊԿ-ի միջամտութիւնը Արցախի հակամարտութեան անհնար էր, որովհետեւ Հայաստանը ինք չէր ճանչցած այդ տարածքը, յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա։
«Հայաստանի պարագային պատմութիւն մը կար, երբ կարծես կ՚ըսուէր՝ “Եկէք գործադրենք ՀԱՊԿ-ի գործիքակազմը”։ Սակայն իրականութեան մէջ՝ որո՞ւ եւ ինչի՞ նկատմամբ։ Լեռնային Ղարաբաղի՞, զոր Հայաստանը, դժբախտաբար թէ բարեբախտաբար չէր ճանչցած ո՛չ իբրեւ իր տարածքը, ո՛չ ալ իբրեւ անկախ պետութիւն», ըսած է Զախարովա՝ «Գվարդէյսկ» երիտասարդական համաժողովին ընթացքին։
Ռուս դիւանագէտին համաձայն՝ այդ պայմաններուն մէջ ՀԱՊԿ-ի հաւաքական անվտանգութեան գործիքակազմի կիրարկումը իրաւական եւ քաղաքական առումով կարելի չէր։
Սակայն Հայաստանը երբեք ՀԱՊԿ-էն չէր պահանջած միջամտել Արցախի հակամարտութեան։ Երեւան կազմակերպութեան աջակցութիւնը խնդրած էր 2022-ի Սեպտեմբերին, երբ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը յարձակում գործած էին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ։ Ատրպէյճանական ստորաբաժանումները մինչեւ այսօր կը շարունակեն մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի որոշ հատուածներուն մէջ։