Եւս մէկ քաղաքական հետապնդում. մեղադրանք առաջադրուած է Տիրան Խաչատրեանին
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.— Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն քաղաքական հետապնդումներու եւ ընդդիմադիր դէմքերու դէմ ճնշումներու իրենց արշաւը։ Այս անգամ նոր մեղադրանք առաջադրուած է փոխ-զօրավար Տիրան Խաչատրեանին։
Խաչատրեանի փաստաբան Վարազդատ Յարութիւնեան յայտնած է, թէ անոր կը մեղադրեն 2023-ի սեպտեմբերին, իբրեւ թէ փողոց փակած քաղաքացիներու ուղղութեամբ բարձր արագութեամբ ընթացող ինքնաշարժի մը հարուածելով խուլիկանութիւն կատարած ըլլալու համար։
Փաստաբանը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին, որ դատական գործընթացը նախաձեռնուած է 2023-ին, սակայն շուրջ երեք տարի որեւէ քննչական գործողութիւն չէ իրականացուած։ Անոր համաձայն, միայն վերջին օրերուն հապճէպ կերպով որոշուած է ոչ միայն մեղադրանք առաջադրել, այլ նաեւ աւարտել նախաքննութիւնը եւ գործը մեղադրական եզրակացութեամբ դատարան ուղարկել։
Դիտորդներու գնահատմամբ, այս զարգացումը կը տեղաւորուի իշխանութիւններուն կողմէ ընդդիմադիր, զինուորական եւ հանրային հեղինակութիւն վայելող անձերու դէմ շարունակուող քաղաքական հետապնդումներու շղթային մէջ, որուն նպատակն է վարկաբեկել այլակարծութիւնը եւ սահմանափակել ընդդիմադիր ձայներու գործունէութիւնը։