Երուսաղէմի հայկական Սրբոց Յակոբեանց վանքին դէմ անարգանքի միջադէպը կրկին մտահոգութիւն կը յառաջացնէ

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Երուսաղէմի Հայոց թաղամասին մէջ Սրբոց Յակոբեանց վանքի մուտքին դէմ արձանագրուած թքելու միջադէպերը կը շարունակեն ուշադրութեան կեդրոնին պահել հայկական սրբավայրերու նկատմամբ թշնամական վերաբերմունքի եւ կրօնական անհանդուրժողականութեան հարցերը։

Սեպտեմբեր 2026-ին հրապարակուած տեսանիւթի մը մէջ կ՛երեւի հրեայ երիտասարդ կին մը, որ վանքի մուտքին մօտենալով՝ կը թքնէ դէպի սրբավայրը, հակառակ շրջանին մէջ իսրայէլեան ոստիկաններու ներկայութեան։

Ոստիկանները միջամտած են միջադէպէն անմիջապէս ետք։

Նոյն ժամանակաշրջանին իսրայէլեան լրատուամիջոցներ տեղեկացուցած էին, որ ոստիկանութիւնը Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարին մօտ հսկողութիւն հաստատած է՝ հայկական սրբավայրին դէմ կրկնուող անարգանքներուն առաջքը առնելու նպատակով։

Օգոստոսին ալ վանքի մուտքին վրայ թքելու եւ քարեր նետելու կասկածանքով ձերբակալուած էին վեց անձեր։