Երկու Տարուան Մէջ Միայն 15,000 Արցախցի Օգտուած Է Բնակարանային Ապահովման Ծրագիրէն
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — Երկու տարուան ընթացքին միայն 15,000 արցախցի օգտուած է բնակարանային ապահովման պետական ծրագիրէն, յայտարարած է Արցախի պետական նախարար Նժդեհ Իսկանդարեան՝ անդրադառնալով բռնի տեղահանուած արցախցիներու բնակարանային խնդիրներուն։
Իսկանդարեանի համաձայն, այս թիւը ցոյց կու տայ, որ ծրագիրը հաւասարապէս հասանելի չէ բոլոր ընտանիքներուն։ Ան նշած է, որ հիմնական խոչընդոտներու շարքին են ընտանիքներու սեփական ֆինանսական մասնակցութեան ծանր բեռը, վարկաւորման սահմանափակ կարելիութիւնները եւ անշարժ կալուածքի գիներու աճը։
Պետական նախարարը շեշտած է, որ եթէ երկու տարուան ընթացքին շահառուներու զգալի մասը չէ կրցած լուծել իր բնակարանային հարցը, ապա պետութիւնը պարտաւոր է ուսումնասիրել պատճառները եւ վերանայիլ ծրագիրին պայմանները։ Ըստ անոր, ծրագիրը պէտք է հիմնուած ըլլայ ընտանիքներու իրական կարիքներուն եւ ընկերային վիճակին վրայ։
Իսկանդարեան նաեւ ընդգծած է, որ Արցախի բռնի տեղահանութենէն գրեթէ երեք տարի անց, բազմաթիւ արցախցիներու համար ապագայի անորոշութիւնը կը շարունակէ մնալ գլխաւոր մտահոգութիւն։ Անոր խօսքով, Հայաստանի վերջին ներքաղաքական զարգացումներէն եւ ընտրութիւններու արդիւնքէն ետք արտագաղթի միտումներ կը նկատուին։
«Երբ մարդը երկար ժամանակ կ’ապրի անորոշութեան մէջ եւ իր ընտանիքին համար կայուն հեռանկար չի տեսներ, բնական է, որ կը սկսի այլ կարելիութիւններ փնտռել», ըսած է Իսկանդարեան՝ շեշտելով, որ արցախցիներու նկատմամբ արդար, յստակ եւ երկարաժամկէտ պետական քաղաքականութիւնը կրնայ շատերուն ապագան կապել Հայաստանի հետ։