Երեւանի մէջ կայացաւ «Լազարեան ճեմարանը եւ հայ մեծերը» գիտաժողովը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Հայաստանի եւ Մոսկուայի գրասենեակներու նախաձեռնութեամբ, Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայ բանասիրութեան բաժանմունքին մէջ կայացաւ «Լազարեան ճեմարանը եւ հայ մեծերը» խորագրով համահայկական գիտաժողովը՝ նուիրուած Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանի պատմամշակութային, գիտական եւ կրթական հարուստ ժառանգութեան վերարժեւորման։
Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Մ. Աբեղեանի անուան Գրականութեան հիմնարկի, Պատմութեան հիմնարկի եւ ԵՊՀ Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի համագործակցութեամբ եւ համախմբած էր Հայաստանի ու արտերկրի հայագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ։
Բացման ընթացքին կազմակերպիչ կառոյցներու ներկայացուցիչները շեշտեցին Լազարեան ճեմարանի առանցքային դերը հայ կրթական եւ մշակութային կեանքի զարգացման մէջ՝ զայն ներկայացնելով ոչ միայն իբրեւ պատմական հաստատութիւն, այլեւ ազգային մտաւորականութեան եւ մեկենասութեան յաջող օրինակ։
ԵՊՀ Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի տեսուչ Արշալոյս Գալստեան ընդգծեց, որ Լազարեան ճեմարանի հայանպաստ գործունէութիւնը իր տարողութեամբ կարելի է համեմատել Մխիթարեան Միաբանութեան կատարած աշխատանքին հետ։ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Համօ Սուքիասեան իր կարգին կարեւոր նկատեց Հայաստանի մէջ հայագիտութեան զարգացման զուգահեռ՝ սփիւռքեան գիտակրթական կեդրոններու հետ կապերու ամրապնդումը եւ նոր կառոյցներու ստեղծումը։
«Համազգային»ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան նշեց, որ ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ է պատմական յաջող փորձառութիւններէն դասեր քաղել՝ Լազարեան ճեմարանը նկատելով նման օրինակներէն մէկը։ «Համազգային»ի Մոսկուայի գրասենեակի պատասխանատու Արթուր Փայտեան եւ Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան եւս շեշտեցին ճեմարանի դերակատարութիւնը հայապահպանութեան, կրթութեան եւ ազգային ինքնութեան ամրապնդման մէջ։
Երկու լիագումար նիստերու ընթացքին ներկայացուած զեկուցումները ընդգրկեցին Լազարեան ճեմարանի պատմութեան, գրականութեան, հայագիտութեան, մանկավարժութեան, ճարտարապետութեան եւ մշակութային գործունէութեան առնչուող բազմազան թեմաներ։ Առանձին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ճեմարանի հետ կապուած Սմբատ Շահազիզի, Մկրտիչ Էմինի, Միքայէլ Նալպանտեանի, Վահան Տէրեանի եւ այլ նշանաւոր գործիչներու ժառանգութեան։
Գիտաժողովը եզրափակուեցաւ քննարկումներով եւ հարցուպատասխանով։ Կը նախատեսուի ներկայացուած գիտական զեկուցումները ամբողջութեամբ հրատարակել առանձին ժողովածուով։