ԵՄ-ն կը հաստատէ 90 միլիառ եւրոյի աջակցութիւն Ուքրանիային եւ նոր պատժամիջոցներ՝ Ռուսաստանի դէմ
- (0)

Եւրոպական Միութիւնը համաձայնութիւն գոյացուցած է Ուքրանիային տրամադրելու շուրջ 90 միլիառ եւրոյի վարկային փաթեթ մը, ինչպէս նաեւ նոր պատժամիջոցներ կիրառելու Ռուսաստանի դէմ՝ Հունգարիոյ ամիսներ տեւած ընդդիմութեան դադրեցումէն ետք։ Վարկը նախատեսուած է Ուքրանիայի հրատապ տնտեսական եւ ռազմական կարիքներուն բաւարարումը ապահովելու եւ երկրի պաշտպանական ջանքերը շարունակելու նպատակով։ Միեւնոյն ժամանակ, ԵՄ-ն որդեգրած է պատժամիջոցներու 20-րդ փաթեթը, ուղղուած Ռուսաստանի տնտեսութեան եւ պաշտպանական ճիւղին դէմ։
Համաձայնութիւնը նախապէս փակուղի մտած էր Ուքրանիայի եւ Հունգարիոյ միջեւ ծագած տարաձայնութիւններու պատճառով՝ ռուսական նաւթի մատակարարումներուն դադարեցման շուրջ։ Սակայն «Տրուժպա» խողովակաշարի աշխատանքներու վերականգնումէն ետք, խոչընդոտը վերացաւ։ Որոշումը պէտք է վերջնականացուի ԵՄ 27 անդամ պետութիւններու գրաւոր հաստատումով։
Վարկային փաթեթին մէկ երրորդը պիտի ուղղուի պետական ֆինանսական աջակցութեան, իսկ մօտ 60 միլիառ եւրօ՝ պաշտպանական ծախսերու։ Նշուած միջոցները կրնան օգտագործուիլ նաեւ Արեւմուտքէն դուրս որոշ ռազմավարական զինատեսակներ ձեռք բերելու համար, եթէ անոնք Եւրոպայի մէջ հասանելի չըլլան։
Նոր պատժամիջոցները կը թիրախաւորեն նաեւ Ռուսաստանի ուժանիւթային եւ ռազմարդիւնաբերական ոլորտները՝ ներառեալ նաւթամշակման գործարաններու վերանորոգման արգելք եւ լրացուցիչ սահմանափակումներ արտահանման վրայ։ Միաժամանակ, ԵՄ-ն կը դիտարկէ ռուսական սառեցուած միջոցներու օգտագործումը՝ Ուքրանիայի ապագայ փոխհատուցումներուն համար։