Դատարանը երեք ամիսով երկարաձգեց Բագրատ Սրբազանի տնային կալանքը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի դատարանը նոյեմբեր 19-ին որոշեց եւս երեք ամիսով երկարաձգել «Սրբազան պայքար» շարժումի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի տնային կալանքը՝ անոր եւ շարժումի այլ անդամներու դէմ յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ։
Դատաւոր Կարէն Ֆարխոյեան հրապարակեց որոշումը դատական նիստին ընթացքին։ Դահլիճին մէջ ներկայ գտնուող քաղաքացիները դժգոհութեամբ արձագանգեցին՝ «Ամօ՛թ» վանկարկելով։
Բագրատ Սրբազան, որ 2024-ին գլխաւորած էր Փաշինեանի իշխանութեան դէմ ծաւալած բողոքի զանգուածային շարժումը, կը գտնուի քրէական հետապնդման տակ՝ իշխանութեան բռնի զաւթման նախապատրաստութեան վերաբերող շինծու մեղադրանքներով։
Իշխանութիւնները շարժումի շարք մը անդամներ կը մեղադրեն բռնի գործողութիւններու նախապատրաստութեան մէջ։ Բագրատ Սրբազան եւ իր պաշտպանական կողմը կը մերժեն մեղադրանքները՝ գործը նկատելով քաղաքական հետապնդում։
Արքեպիսկոպոսին նկատմամբ նախապէս կիրառուած կալանաւորումը 2026-ի յունիսին փոխարինուած էր տնային կալանքով։
Նոր որոշումով անոր ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները կը շարունակուին, մինչ դատաքննութիւնը դեռ ընթացքի մէջ է եւ վերջնական վճիռ չէ արձակուած։
Բագրատ Սրբազանի գործը կը շարունակէ գրաւել քաղաքական եւ եկեղեցական շրջանակներու ուշադրութիւնը՝ Հայաստանի մէջ ընդդիմադիր գործիչներու նկատմամբ դատական միջոցներու կիրառման եւ արդար դատաքննութեան երաշխիքներուն շուրջ շարունակուող մտահոգութիւններու պայմաններուն մէջ։
Սահմանադրական փոփոխութիւններուն շուրջ սաստկացող քաղաքական լարուածութեան զուգահեռ, այս որոշումը նոր զարգացում մըն է իշխանութիւն-ընդդիմութիւն եւ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւններուն մէջ։