Փաշինեան կը սպառնայ արտահերթ ընտրութիւններով ընդդիմութիւնը դուրս մղել խորհրդարանէն

ԵՐԵՒԱՆ.- Նիկոլ Փաշինեան նոյեմբեր 19-ին սպառնաց արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպել՝ ընդդիմադիր ուժերը խորհրդարանէն դուրս մղելու նպատակով, եթէ անոնք շարունակեն մերժել նոր Սահմանադրութեան նախագիծը հանրաքուէի ներկայացնելու իշխանութեան նախաձեռնութիւնը։

Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին Փաշինեան յայտարարեց. «Եթէ իրենք զիս չհեռացնեն, ես զիրենք պիտի հեռացնեմ»։

Ան ընդդիմութեան մերժումը ներկայացուց իբրեւ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան գործընթացին խոչընդոտ հանդիսացող կեցուածք։ Ան համոզում յայտնեց, որ արտահերթ ընտրութիւններու պարագային ներկայ խորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերը պիտի չկարենան վերադառնալ Ազգային ժողով։

Փաշինեանի յայտարարութիւնը կը յաջորդէ նոր Սահմանադրութեան շուրջ սաստկացող քաղաքական հակադրութիւններուն։ Իշխանութիւնը կը ձգտի փոխել երկրին հիմնական օրէնքը՝ անոր նախաբանէն հեռացնելով Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին յղումը, ինչ որ նաեւ Պաքուի կողմէ ներկայացուած պահանջ մըն է։

Ընդդիմութիւնը կը մերժէ Հայաստանի սահմանադրական հիմքերը Ատրպէյճանի պահանջներուն համապատասխանեցնելու գործընթացը՝ զայն նկատելով երկրի ինքնիշխանութեան եւ ազգային իրաւունքներուն առնչուող սկզբունքային հարց։

Իշխանական «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը չունի հանրաքուէ նախաձեռնելու համար անհրաժեշտ խորհրդարանական ձայները եւ պէտք ունի ընդդիմութեան աջակցութեան։

Այս պայմաններուն մէջ վարչապետին սպառնալիքը նոր լարուածութիւն կը ստեղծէ Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ՝ սահմանադրական տարակարծութիւնը վերածելով նաեւ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ քաղաքական ուժերու գոյատեւման պայքարի։