Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը «Եկեղեցիները Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութեան համար» կազմակերպութեան պատուիրակութեան հետ արծարծեց Արցախի եւ հայ գերիներու հարցերը

ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Սեպտեմբեր 9-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց «Եկեղեցիները Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութեան համար» (Churches for Middle East Peace) կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը, որուն կ՚ընկերակցէր ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու տնօրէն Տ. Վիգէն արք. Այքազեան։

Հանդիպման ընթացքին Վիգէն արքեպիսկոպոսը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց պատուիրակութեան անդամները եւ անդրադարձաւ կազմակերպութեան աշխատանքներուն՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ քրիստոնէական համայնքներու զօրակցութեան ուղղութեամբ։

Գարեգին Բ. բարձր գնահատեց կազմակերպութեան գործունէութիւնը, մասնաւորաբար խաղաղութեան ամրապնդման, քրիստոնէական համայնքներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները։

Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ աշխարհի եւ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ շարունակուող հակամարտութիւններուն ու անոնց հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամերուն։ Այս ծիրին մէջ ան արծարծեց նաեւ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու վերադարձին, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերը։

Կաթողիկոսը խօսեցաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած ներկայ մարտահրաւէրներուն մասին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպութեան՝ Հայոց Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին ցուցաբերուող զօրակցութեան համար։

Պատուիրակութեան անդամները վերահաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը Հայոց Եկեղեցւոյ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին շարունակելու աշխատանքը ամերիկեան եկեղեցական եւ հասարակական շրջանակներուն մէջ՝ բարձրացնելու իրազեկութիւնը հայ ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ Հայոց Եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայկական ներկայութեան եւ քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանութեան, ինչպէս նաեւ շրջանի հայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։