Գանատայի սկաուտները կը պատրաստուին համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումին

Սկաուտական ծրագիրներուն եւ գործունէութիւններուն մէջ մեծ խանդավառութիւն ստեղծած են բանակումները, ի մասնաւորի՝ Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումները։

Չորս տարին անգամ մը, հայրենիքի մէջ՝ Արագածի լանջին, Բիւրականի շրջանը, «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրէն ներս, տասը օրերու ընթացքին, աշխարհի չորս ծագերէն համախմբուած սկաուտներ կը մասնակցին անմոռանալի բանակումի մը՝ աննախընթաց յիշատակներով լեցուն։

Գանատայի շրջանային խմբապետութիւնը կազակերպած էր բանակումի նախապատրաստական աշխատանքներու սեմինար մը՝ Քեպէգի եւ Օնթարիոյի նահանգներուն մէջ։

Սոյն սեմինարները տեղի ունեցան Մոնթրէալ՝ մայիս 31-ին, եւ Թորոնթօ՝ յունիս 21-ին, մասնակցութեամբ շրջանի այն անդամներուն, որոնք մաս պիտի կազմեն Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին։

Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Արուշ Պէրպէրեանի, շրջանային խմբապետ Րաֆֆի Դաւիթեանի եւ շրջանային խմբապետուհի Կասիա Կարապետեան Կիւլեանի կողմէ պատրաստուած եւ ներկայացուած աշխատանքները առաւել եւս օգնեցին մասնակիցներուն՝ մօտէն ծանօթանալու բանակումի ընթացքին տեղի ունենալիք գործունէութեանց եւ յանձնախմբերու ծրագիրներուն, ինչպիսին են՝ խարոյկի, մշակութայինի, կայմի, ձեռայինի, նախնական դարմանումի, ինքնազարգացման, ռալիի եւ այլ յանձնախումբերը։

Խմբապետութիւնը, բացատրական դասախօսութեամբ, ներկայացուց բանակումի օրէնքներն ու լայնածաւալ տեղեկութիւն տուաւ կարգ ու կանոնին մասին, որոնք կ՚իրագործուին բանակումին ընթացքին։

Մասնակիցները, կարծիքներու փոխանակումով, անդրադարձ կատարեցին նաեւ խարոյկի աշխատանքներուն, որ ամէնէն խանդավառ բաժինն է բանակումին։

Անոնք նաեւ միասին երգեցին, կանչեր կատարեցին, ճաշեցին եւ բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան իրենց տուները։

Հուրինա