Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի յայտարարութիւնը Լաչինի միջանցքի շրջափակման եւ Արցախի կազամատակարարման խափանման գծով

Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը (ANCC) հրապարակած է յայտարարութիւն՝ կապուած Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման եւ Արցախի Հանրապետութիւն կազամատակարարման խափանման հետ։

Յայտարութիւնը կ՚ըսէ. «Դեկտեմբերի 12-ի առաւօտեան, ատրպէյճանցիներու խումբ մը, իրենք զիրենք ներկայացնելով որպէս մտահոգ «բնապահպաններ», փակած են Լաչինի միջանցքը՝ Արցախի Հանրապետութիւնը (Լեռնային Ղարաբաղը) Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը։ Ճանապարհը փակ մնացած է  բոլոր երթեւեկութեան համար՝ կտրելով Արցախը բոլոր անհրաժեշտ պաշարներէն՝ փաստացիօրէն լիակատար շրջափակման մէջ պահելով աւելի քան 120,000 արցախցի բնակիչ եւ զանոնք կանգնեցնելով մեծ աղէտի եզրին։

Թէեւ «ցուցարարները» կը պնդեն, որ իրենք բնապահպաններ են, սակայն ակնյայտ է, որ անոնց կ՚աջակցի Պաքուի ռեժիմը,որովհետեւ անոնցմէ  մեկը հաստատած է, որ իրենց կը մատակարարէ Ատրպէյճանի բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը. Աւելի ուշ անոնց միացած են ատրպէյճանցի համազգեստաւոր զինուորականներ.

Բացի այդ, Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը հաստատած էր, որ Ատրպէյճանը այժմ դադրեցուցած է նաև կազամատակարարումը, ճիշդ այն ժամանակ, երբ ջերմաստիճանը ցրտահարութեան մակարդակի վրայ հասած է։

Հայաստանի և Արցախի իշխանութիւնները դիմած են միջազգային հանրութեան անյապաղ միջամտելու եւ Ատրպէյճանի բռնապետութեան կոչ ուղղել դադրեցնելու իրավիճակը ապակայունացնող գործողութիւնները։ Արցախի Հանրապետութեան պետնախարարը նախազգուշացած է Արցախի մէջ ցեղասպանութին իրականացնելու Ատրպէյճանի կառավարութեան ակնյայտ մտայնութեան մասին։

Ատրպէյճանական վարչակարգի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը լիովին դրսեւորուած է վերջին 36 ժամուան ընթացքին՝ ցոյց տալով վարչակարգի իսկական մտադրութիւնները Արցախի մէջ ապրող հայերու նկատմամբ։ Ատրպէյճանական վարչակարգի հետեւողական ահաբեկչական քաղաքականութիւնը Արցախի բնիկ հայերու նկատմամբ ակնյայտօրէն կը նպատակադրէ վախ ու ահաբեկում սերմանել բնակչութեան մէջ։

Կոչ կ՚ուղղենք Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիին, որպէսզի անյապաղ յայտարարութիւն տարածէ՝ դատապարտելով Ատրպէյճանի այս վարքագիծը եւ կոչ ընել ատրպէյճանական իշխանութիւններուն անյապաղ ապաշրջափակել ճանապարհը եւ վերականգնել դէպի Արցախ կազամատակարարումը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.