Բագրատ արք. Գալստանեան դատական հայց ներկայացուց Փաշինեանի դէմ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան դատական հայց ներկայացուց Նիկոլ Փաշինեանի դէմ՝ պահանջելով հերքել իր պատիւը, բարի համբաւն ու արժանապատուութիւնը արատաւորող յայտարարութիւնները։
Հայցը կը վերաբերի յունիս 11-ին կառավարութեան նիստին ընթացքին Փաշինեանի կատարած յայտարարութեան, ըստ որուն՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը ամբողջութեամբ արդար քուէներ ստացած է, մինչդեռ ընդդիմադիր ուժերուն տրուած քուէները ամբողջութեամբ ընտրակաշառքի արդիւնք եղած են։
Փաշինեան նաեւ պնդած էր, թէ առանց դրամի ընդդիմութեան օգտին «բացարձակապէս ոչ ոք» քուէարկած է։
Բագրատ Սրբազան կը պահանջէ, որ Փաշինեան հրապարակայնօրէն հերքէ իր յայտարարութիւնը Հայաստանի կառավարութեան եւ վարչապետի պաշտօնական կայքէջերուն, ինչպէս նաեւ առնուազն 5000 տպաքանակ ունեցող լրատուամիջոցի մը միջոցով։
Սրբազանը նաեւ Փաշինեանէն կը պահանջէ խորհրդանշական 49.7 դրամ՝ իբրեւ ոչ նիւթական վնասի հատուցում։ Գումարը ընտրուած է նկատի ունենալով, որ պաշտօնական արդիւնքներով «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը խորհրդարանական ընտրութիւններուն ստացած է քուէներուն շուրջ 49.7 տոկոսը։
Սահմանադրական դատարանը մերժած էր ընտրութիւններուն արդիւնքները վիճարկող եօթ քաղաքական ուժերու դիմումները։ Վերջնական արդիւնքներով՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը ստացած է 64 պատգամաւորական աթոռ, «Ուժեղ Հայաստան»-ը՝ 29, իսկ «Հայաստան» դաշինքը՝ 12։