Աւելի քան 1000 անդամներով, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ մասնաճիւղերը միջմասնաճիւղային տողանցքով իրենց կենսունակութիւնը հաստատեցին
1790
0
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Կիրակի 27 Յունիս 2021-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին տասը տարիներու ընդհատումէն ետք, Հալէպի Ռիայէթ Շապապ դաշտին վրայ մեծ խանդավառութեամբ տեղի ունեցաւ միջմասնաճիւղային տողանցք-փառատօնը, ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի, Հալէպի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի եւ Քեսապի մասնաճիւղերու փողերախումբերուն, սկաուտական կազմերուն եւ մարզական խումբերուն մասնակցութեամբ: Տողանցքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՄԸՄ-ի «Շաւարշ Քրիսեան» քարաթէի մարզական խումբը եւ Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան մարզիկները:
Տողանցքը տեղի ունեցաւ Պաաս կուսակցութեան Հալէպ մասնաճիւղի քարտուղար Ահմատ Մանսուրի հովանիին ներքոյ:
Տողանցքը շնորհաւորական արտայայտութիւն էր Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատի վերընտրութեան, ինչպէս նաեւ ցընծութեան տօն էր Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 103-ամեակին առիթով:
Տողանցքին ներկայ գտնուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, հայ համայնքապետներու ներկայացուցիչները, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի Հիւպատոսութեան ներկայացուցիչը, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխաններ, Պաաս կուսակցութեան Հալէպի գլխաւոր քարտուղարը, Հալէպի Նահանգապետին ներկայացուցիչը, Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի անդամներ, պետական բարձրաստիճան հիւրեր, ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան, Կրօնական Ժողովի եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, եկեղեցիներու թաղականութիւններ, հալէպահայ միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ:
Բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը:
Օրուան հանդիսավարներն էին՝ քոյր Մարալ Գալայճեան-Սեմէրճեան, եղբ. Եղիա Քիլէճեան (արաբերէն) եւ քոյր Մարինա Չիլ Աբօշեան-Պօղիկեան (հայերէն), որոնք յայտագիրը ներկայացուցին արաբերէնով եւ հայերէնով, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ նախագահին վերընտրութեան, Հայաստանի անկախութեան եւ ՀՄԸՄ-ին նուիրուած լոզունգներով ողջունեցին տողանցող ՀՄԸՄ-ականները:
Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետ եղբ. տոքթ. Արամ Աւետիսեան, դիտել տալով որ տասը տարիներու դաժան պատերազմէն Սուրիան յաղթական դուրս եկաւ՝ շնորհիւ սուրիական քաջարի բանակին եւ իմաստուն ղեկավարութեան: Ան մեծ յաղթանակ համարեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին վերընտրութիւնը, որուն ուրախութեան արտայայտութիւնը եղաւ Սուրիոյ նահանգներէն համախմբուած ՀՄԸՄ-ի հինգ մասնաճիւղերու քոյրերուն ու եղբայրներուն երախտագիտական տողանցքը: Ան շնորհաւորական խօսք ուղղեց երկրի վսեմաշուք նախագահին, խոստանալով յոյսով եւ աշխատանքով իրենց երթը շարունակել:
Հայերէն բացման խօսք արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ ՀՄԸՄ-ի հայակերտումի առաքելութիւնը եւ այս առիթով ողջունեց հինգ մասնաճիւղերուն խանդավառ մասնակցութիւնը միջմասնաճիւղային տողանցքին:
Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հովանաւորութեան համար, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ պետական բարձրաստիճան աւագանիին:
Միութեան անունով, ան շնորհաւորեց եւ զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ նախագահ Տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին, որուն իմաստուն եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութեան շնորհիւ, սուրիական բանակին արիութեամբ եւ Սուրիոյ բոլոր տարրերուն մասնակցութեամբ Սուրիան յաղթական դուրս եկաւ ահաբեկչական պատերազմէն:
Բացման պատկերով ՀՄԸՄ-ի հինգ մասնաճիւղերու քոյրերն ու եղբայրները պարզեցին Սուրիոյ նախագահին նկարը, ապա Սարդարապատի յուշարձանին պատկերը: Այնուհետեւ Սուրիոյ Շրջանային խմբապետ եղբ. Յովիկ Փամբալեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնուած ճրագով ջահը վառեց ու զայն փոխանցեց Սուրիոյ Շրջ. խմբապետուհի քոյր Թամար Աւետեան-Գատէհճեանին, ապա ջահը փոխանցուեցաւ հինգ մասնաճիւղերու խմբապետներուն ու սկաուտի մը ձեռամբ կայմին վրայ հաստատուած ջահը լուսաւորուեցաւ:
Մարզական ներկայացումով հանդէս եկան ՀՄԸՄ-ի «Շաւարշ Քրիսեան» քարաթէի մարզական խումբը եւ Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան քունկֆու-ուշույի, ռիթմիկ ճմպազի, սանտայի եւ քիք-պոքսինկի մարզիկները, որոնք հետաքրքրութիւն շարժող մարզաձեւերով ներկաներուն ուշադրութեան արժանացան:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի միջմասնաճիւղային տողանցքը, որուն բացումը կատարեցին Սուրիոյ Շրջանային խմբապետութիւնն ու հինգ մասնաճիւղերու խմբապետները: Յաջորդաբար տողանցեցին Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի, Քեսապի եւ Հալէպի մասնաճիւղերու սկաուտական եւ մարզական խումբերը, իրենց փողերախումբերուն առաջնորդութեամբ: Տողանցեցին նաեւ ՀՄԸՄ-ի երէց եղբայրները, որոնք երկար տարիներու վաստակ ունին միութեան շարքերէն ներս, ապա տողանցեցին ՀՄԸՄ-ի «Շաւարշ Քրիսեան» քարաթէի մարզական խումբը եւ Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան մարզիկները:
Լոզունգներու կարգին հնչեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ՀՄԸՄ-ի նուիրուած խօսքը, որուն ընթացքին հանդիսավարը ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին անունով շնորհաւորական խօսք ուղղեց Նորին Սրբութեան գահակալութեան 26-ամեակին առիթով, Վեհափառ Հայրապետին մաղթելով արեւշատութեամբ եւ քաջառողջութեամբ լեցուն ընդ երկար գահակալութիւն:
Ներկաներուն իր սրտի խօսքը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան: Ան ողջունեց Սուրիոյ տարբեր շըրջաններէն ժամանած ՀՄԸՄ-ականները, որոնք որպէս մէկ ամբողջութիւն միացան՝ միասնաբար մեր շնորհաւորութիւնները յայտնելու Սուրիոյ նախագահին՝ իր վերընտրութեան առիթով: Ապա դիտել տուաւ, որ այսօր սու-րիացի ժողովուրդը յաղթական դուրս եկած, անգամ մը եւս կը համախմբուի իր նախագահին շուրջ, որ ամբողջ տասը տարի իմաստութեամբ, խոհեմութեամբ, լրջութեամբ եւ քաջութեամբ պայքարեցաւ սուրիական հայրենիքին ազատութեան եւ անոր ամբողջականութեան պահպանման համար: Սուրիոյ բոլոր բաղադրիչ տարրերուն հետ սուրիահայութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ իր զաւակներուն արիւնը նուիրաբերելով սուրիական հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան, յայտնելով Տէր Զօրէն եկող յարուցեալ հայուն հաւատարմութիւնը սուրիական հայրենիքին, անոր վսեմաշուք նախագահին եւ սուրիացի ասպնջական ժողովուրդին:
Սրբազան Հայրը հպարտութեամբ յիշեց Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 103-ամեակը, որուն պայծառութիւնը ի յայտ կու գայ ազգային արժէքները պահող սուրիահայ համայնքին մէջ:
Հպարտութիւն առթող տողանցքին ընդմէջէն ան տեսաւ մէկ բռունցք կազմած ՀՄԸՄ-ականներուն կապուածութիւնը՝ Հայաստանին, Արցախին եւ Սուրիոյ եւ Սուրիան ծաղկեցնելու անոնց վճռակամութիւնը:
Իր խօսքի աւարտին սրբազան հայրը բոլորին անունով շնորհաւորեց նախագահին վերընտրութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 26-ամեակը, մաղթելով արեւշատ եւ պայծառ տարիներ:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Պաաս կուսակցութեան Հալէպ մասնաճիւղի գլխաւոր քարտուղար Ահմատ Մանսուր, որ գեղեցիկ պատկերով մը յայտնեց, թէ Սուրիոյ եւ Հայաստանի դրօշները կը բաժնեկցին կարմիր գոյնով, որ դաւադիր ուժերուն դէմ նահատակներուն թափած արիւնը կը խորհըրդանշէ: Ան յայտնեց, թէ Էրտողան պարտական դուրս եկաւ Սուրիոյ դէմ պատերազմէն, շնորհիւ երեք ուժերու՝ սուրիացի ժողովուրդին, Սուրիոյ արի բանակին եւ երկրի նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին մաքառումներուն:
Ապա իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես բերկրալի այս տողանցքին, մեծապէս գնահատելով շրջաններէն ժամանած ՀՄԸՄ-ականներու մասնակցութիւնը:
Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի Շրջ. Վարչութեան ձեռամբ տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում՝ Սուրիոյ հինգ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ փողերախումբերուն: Ապա տեղի ունեցաւ պարգեւատրում՝ հինգ մասնաճիւղերու մարզական ներքին մրցաշարքերու ախոյեաններուն, ինչպէս նաեւ Հալէպ Մասնաճիւղի վերանորոգուած դաշտերուն վրայ տեղի ունեցած ոտնագնդակի եւ պասքեթի մրցումներու ախոյեան խումբերուն:
Տողանցքին խանդավառութիւնը ամբողջացաւ Համազգայինի մեծ ընտանիքին գեղարուեստական յայտագիրի ներկայացումով:
Ելոյթ ունեցան Լաթաքիայէն ժամանած Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» Մասնաճիւղի «Գեղարդ» պարախումբը: Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբը, ապա նուագախումբը, մասնակցութեամբ սուրիահայ երգիչներ՝ Մարիա Չիչեանի, Արման Տէր Պետրոսեանի, Կասիա Պաղտիկեանի, Կարօ Գուշաքճեանի, Մեղեդի Փամպուքեանի, Ակաբէ Ֆրանքեանի, Լիւսի Յովհաննէսեանի, Խաչիկ Աշճեանի եւ Քեսապէն ժամանած Սեւակ Պետուրեանի:
Տողանցքի ուղիղ սփռումը կատարեց «Ռատիօ Երազ»ը, իսկ հայաստանեան «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռային կայանը անդրադարձաւ անոր յատուկ տեսանիւթով:
Տողանցքին հալէպահայ հոծ բազմութեան կողքին ներկայ էին հայկական եւ արաբական լրատուամիջոցներ: