Արցախի շրջափակման հարցով Գանատայի խորհրդարանի ընդդիմադիր կուսացկութիւնները արտաքին յարաբերութիւններու մշտական ​​յանձնաժողովի արտահերթ նիստ կը պահանջեն

Գանատայի ընդդիմադիր Պլոք Քեպէգուա կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ, Գանատայի խորհրդարանի երեք ընդդիմադիր կուսակցութիւնները՝ Պահպանողականները, Նոր Դեմոկրատներն ու Պլոք Քեպէգուան, Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական ​​յանձնաժողովի  արտահերթ նիստ կը պահանջեն, որպէսզի խորհրդակցութիւն կայանայ Արցախի շարունակուող շրջափակման առնչութեամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը։

Պլոք Քեպէգուա կուսակցութեան անդամ Սթեֆան Պերժերոն եւ Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Կարնէթ Ճինըս ընկերային ցանցերու վրայ այս մասին հաղորդեցին, հաստատելով որ ամենայն հաւանականութեամբ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կայանայ մշտական յանձնաժողովի արտահերթ նիստը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.