Արցախի բռնագաղթուած ընտանիքներու բնակարանային աջակցութեան ծրագիրը փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուի
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի աշխատանքի եւ բարեկեցութեան նախարարութիւնը առաջարկած է փոփոխութիւններ կատարել Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու բնակարանային ապահովման պետական ծրագրին մէջ՝ երկարաձգելով նորածին երեխաներու համար աջակցութիւն ստանալու ժամկէտը եւ վերատեսութեան ենթարկելով բնակարանային վարկերու վերաբերեալ շարք մը պայմաններ։
Ներկայացուած նախագիծով կ՚առաջարկուի, որ ծրագրին դիմելու վերջնաժամկէտին՝ 31 դեկտեմբեր 2027-ի դրութեամբ շահառու ընտանիքներուն մէջ ծնած երեխաները եւս ընդգրկուին պետական աջակցութեան շրջանակին մէջ։
Գործող պայմաններով այս իրաւունքը կը վերաբերի մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2026 ծնած երեխաներուն։ Առաջարկուած փոփոխութիւնը մէկ տարով պիտի երկարաձգէ համապատասխան ժամկէտը։
Նախարարութիւնը միաժամանակ կ՚առաջարկէ ընդլայնել գործող բնակարանային վարկերու շիջեցման աջակցութիւնը՝ զայն հասանելի դարձնելով մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2026 բնակարանային վարկ ստացած ընտանիքներուն, եթէ անոնք կը բաւարարեն ծրագրին միւս պահանջները։
Այս փոփոխութիւնը մասնաւորաբար կրնայ օգտակար ըլլալ այն արցախահայ ընտանիքներուն, որոնք քաղաքացիութեան կամ փաստաթուղթերու հետ կապուած դժուարութիւններու պատճառով ժամանակին չեն կրցած ստանալ բնակարանային աջակցութեան վկայագիրը, սակայն սեփական միջոցներով բնակարան ձեռք բերած են վարկային դրութեամբ։
Կ՚առաջարկուի նաեւ թոյլատրել, որ վկայագիրի գումարէն մնացած դրական հաշուեկշիռը օգտագործուի լրացուցիչ բնակարանային վարկին մայր գումարը փակելու համար։
Հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, հոկտեմբեր 28-ի դրութեամբ 8870 ընտանիքներ ստացած էին բնակարանային աջակցութեան վկայագիրներ, որոնցմէ 5224-ը արդէն օգտագործուած էին։ Նոյեմբեր 2-ին նախարար Արսէն Թորոսեան յայտնեց, որ տրամադրուած վկայագիրներուն թիւը հասած է 8923-ի, իսկ օգտագործուածներունը՝ 5279-ի։
2023-ին Արցախէն բռնի տեղահանուած տասնեակ հազարաւոր ընտանիքներուն համար բնակարանային ապահովութիւնը կը շարունակէ մնալ ընկերային եւ տնտեսական առաջնահերթ խնդիր մը։
Ծրագրին պայմաններուն, քաղաքացիութեան պահանջներուն եւ բնակարաններու իրական արժէքին հետ կապուած դժուարութիւնները յաճախ կը սահմանափակեն աջակցութենէն օգտուելու հնարաւորութիւնները։
Առաջարկուած փոփոխութիւնները տակաւին վերջնականապէս չեն հաստատուած։ Անոնց ընդունումը որոշ ընտանիքներու համար պիտի դիւրացնէ բնակարանային խնդիրներու լուծումը, սակայն Արցախէն բռնագաղթուած ամբողջ բնակչութեան երկարաժամկէտ ապահովութեան հարցը կը շարունակէ մնալ բաց։