Արցախի անկախութեան 35-ամեակը նշուեցաւ Եռաբլուրի մէջ

ԵՌԱԲԼՈՒՐ.- Սեպտեմբեր 2-ին, Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 35-ամեակին առիթով, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, ինչպէս նաեւ Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներ այցելեցին Եռաբլուր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Արցախի ազատագրական պայքարի նահատակներուն եւ ծաղիկներ զետեղելու «Արցախի կանչը» յուշակոթողին։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան նշեց, որ սեպտեմբեր 2-ը հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան արժանապատիւ օրերէն մէկն է՝ խորհրդանշելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, արժանապատուութիւնն ու պետականութեան գիտակցութիւնը։

Ան յայտնեց, որ այսօր այդ օրը մթագնած է Հայաստանի իշխանութիւններու վարած արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան հետեւանքով, սակայն շեշտեց, որ Արցախի հարցը եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը պէտք է շարունակեն մնալ ազգային օրակարգի վրայ։

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան իր կարգին յայտարարեց, որ «Արցախը հայկական է» եւ որ որեւէ իշխանութիւն չի կրնար այդ իրականութիւնը փոխել։

Ան նշեց, որ ՀՅԴ-ն եւ Հայ Դատի կառոյցները միջազգային հարթակներու վրայ կը շարունակեն բարձրաձայնել Արցախի հարցը, թէեւ Հայաստանի պետական աջակցութեան բացակայութիւնը լրջօրէն կը դժուարացնէ զայն միջազգային օրակարգի վրայ պահելու աշխատանքը։

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց յայտնեց, որ Արցախի ներկայացուցչութեան մէջ կը շարունակուին հանդիպումներն ու քննարկումները՝ Արցախի հարցը մոռացութեան չմատնելու եւ արցախահայութեան խնդիրներուն շուրջ միասնական քաղաքականութիւն մշակելու նպատակով։

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ Գառնիկ Դանիէլեան եւ ԱՀ ԱԺ պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան եւս ընդգծեցին, որ Արցախի էջը փակուած չէ, իսկ արցախահայութեան հայրենիք վերադառնալու եւ հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան պայքարը պէտք է շարունակուի։