Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածուին շուրջ քննարկումներ տեղի կ՚ունենան

ԵՐԵՒԱՆ — Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ քննարկումներ տեղի կ՚ունենան խորհրդարանի նոր նախագահի թեկնածուին շուրջ։ Այս մասին «Փաստինֆօ»-ին յայտնած է Արցախի պետական նախարար Նժդեհ Իսկանդարեան։

«Արցախի Ազգային ժողովը քննարկումներ կը կատարէ։ Սպասենք եւ տեսնենք, թէ որեւէ թեկնածուի շուրջ համաձայնութիւն պիտի գոյանա՞յ», յայտնած է Իսկանդարեան։

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեան յուլիս 2-ին յայտարարած էր իր պաշտօնէն հրաժարելու մասին։