«Արմենփրէս» եւ «Հորիզոն» կ՚ընդլայնեն համագործակցութեան ծիրը

Մարտ 15-ին, «Արմենփրէս»ի Երեւանի կեդրոնական գրասենեակին մէջ հանդիպում կայացաւ «Արմենփրէս» լրատուական գործակալութեան տնօրէն եւ Արամ Անանեանի եւ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի եւ առցանց լրատուական կայքի գլխաւոր խմբագիր Վահագն գարագաշեանի միջեւ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկման բովէ անցան տեղեկատուական մարզէն ներս համագործակցութեան լայն կարելիութիւնները։ Կողմերը նաեւ սկզբնական համաձայնութիւն գոյացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակի ոգեկոչման ծիրէն ներս համագործակցելու առնչութեամբ։

«Արմենփրէս» լրատուական գործակալութիւնը հիմնուած է 1918 թուականի դեկտեմբերի 18-ին, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան Ազգային Ժողովի որոշմամբ՝ որպէս Հայկական հեռագրական գործակալութիւն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.