Արթուր Խաչատրեան. «Ալիեւի ճնշումներուն զուգահեռ՝ Սահմանադրութիւնը փոխելու Փաշինեանի ջանքերը պիտի սաստկանան»

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ անդամ եւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեան յայտարարած է, որ Նիկոլ Փաշինեանի՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու մասին վերջին յայտարարութիւնը նորութիւն չէ եւ ուղղակիօրէն կապուած է սահմանադրական փոփոխութիւններ իրականացնելու իշխանութեան նպատակին հետ։

«Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Խաչատրեան յիշեցուցած է, որ Փաշինեան նախապէս եւս յայտարարած էր սահմանադրական մեծամասնութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան մասին՝ Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու համար։

Խաչատրեան անդրադարձած է նաեւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի վերջին յայտարարութիւններուն՝ նշելով, որ ան եւս հաստատած է սահմանադրական փոփոխութիւններու եւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը։

Խաչատրեան ըսած է, որ Փաշինեան փաստօրէն կը սպառնայ լուծարել Ազգային ժողովը եւ արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպել, եթէ չկարենայ ընդդիմութիւնը համոզել սահմանադրական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան մասին։

Խաչատրեան նաեւ պնդած է, որ իշխանութիւնները արդէն կը նախապատրաստուին նման ընտրութիւններու։ Անոր համաձայն՝ ընդդիմադիր գործիչներու նկատմամբ ճնշումները, ձերբակալութիւններն ու քաղաքական կուսակցութիւնները փակելու սպառնալիքները այդ նախապատրաստութիւններուն մաս կը կազմեն։

«Կը կարծեմ, որ Ալիեւի ճնշումներուն աճին զուգահեռ՝ Սահմանադրութիւնը փոխելու ուղղութեամբ Փաշինեանի ջանքերը աւելի պիտի աշխուժանան, հետեւաբար նաեւ ընդդիմութեան նկատմամբ ճնշումները պիտի սաստկանան», ընդգծած է Խաչատրեան։

Անդրադառնալով արտահերթ ընտրութիւններու պարագային ընդդիմութեան պատրաստուածութեան՝ ան յոյս յայտնած է, որ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը պիտի հետեւին նախապէս ներկայացուած խորհուրդին եւ ընտրութիւններուն մասնակցին երկու կամ երեք խոշոր դաշինքներով՝ փոխանակ բազմաթիւ առանձին կուսակցութիւններով ու դաշինքներով հանդէս գալու։

Խաչատրեան յիշեցուցած է, որ նախորդ ընտրութիւններուն մասնակցած շուրջ 20 քաղաքական ուժերէն շատեր նոյնիսկ մէկ տոկոսի սահմանագիծը չէին յաջողած յաղթահարել։