Ատրպէյճանի փոխվարչապետը ժամանած է Հայաստան

Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուստաֆաեւի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը ժամանած է Հայաստան։ Լուրը փոխանցած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ նշելով, թէ յաւելեալ տեղեկութիւններ կը հաղորդուին յետագային։ Մուստաֆաևը նաեւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովի նախագահն է։

Սահմանազատման յանձնաժողովները վերջին անգամ հանդիպած էին անցեալ տարուան նոյեմբերին՝ Կապալայի մէջ, ուր համաձայնութիւն գոյացած էր յաջորդ հանդիպումը կազմակերպելու Հայաստանի մէջ։

Միեւնոյն ժամանակ, տնտեսական համագործակցութեան հոլովոյթին մէջ, ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան նախապէս յայտարարած էր, թէ կարելի է երկկողմ ներմուծում եւ արտահանում, ներառեալ հանքային նիւթերու, մրգեղէնի, խմիչքներու եւ հիւսուածեղէնի արտադրանքներու։ Նախարարը նաեւ նշած էր, թէ ատրպէյճանական կողմը Հայաստանի մէջ արտադրուած փայլաթիթեղի գինի վերաբերեալ հարցում ներկայացուցած է, որուն պատասխան տրուած է տեղական արտադրողին կողմէ։