Անհրաժեշտ է համախոհութիւն ազգային սկզբունքներու շուրջ. Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան

Թորոնթոյի «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամի հաղորդավար Խաժակ Գուլաճեանի հիւրն է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը, որուն հետ հարցազրոյցի ընթացքին արծարծուած են Արցախի մէջ կայացած հանդիպումները, Հայրենիքի առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները դիմակայելու յաջորդ քայլերը եւ Սփիւռքի այսօրուան իրավիճակը:

«Սփիւռքը առանց հայրենիքի ոչինչ է, եւ հայրենիքն ալ այսօր Սփիւռքի կարիքն ունի, որպէսզի կարողանայ աշխարհի առջեւ բացուիլ իր դիմագծով եւ իսկական ուժերով: Ատոր համար անհրաժեշտ է լուրջ համախոհութիւն ազգային սկզբունքներու շուրջ: Չենք կրնար ընդունիլ որեւէ պարտուողականութիւն, որեւէ յանձնուողականութիւն: Մեզ համար անընդունելի է տեսնել իշխանութիւն մը, որուն համար Արցախը   գլխացաւանք է, որը կը փորձէ ձեռքերը լուալ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը ըլլալու պարտաւորութենէն եւ Արցախի ճակատագիրը կը թողու միայն արցախցիին: Արցախը Հայաստան է, բոլորիս երազանքն է, որը անկախութեան հաստատումէն ետք կը վերամիանայ մայր հայրենիքին» ,- շեշտած է Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը:

Մանրամասները՝ Տեսանիւթով

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.