Անիի կամուրջի վերականգնման շուրջ Հայաստան–Թուրքիա փոխըմբռնման հուշագիր ստորագրուեցաւ
- (0)

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովի ծիրին մէջ, Հայաստանը եւ Թուրքիան ստորագրեցին Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման վերաբերեալ փոխըմբռնման հուշագիր։
Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, թէ գագաթնաժողովի ընթացքին տեղի ունեցած է «արդիւնաւէտ մտքերու փոխանակութիւն» Թուրքիոյ փոխնախագահ Ճեւտէթ Եըլմազի հետ, ուր քննարկուած են երկկողմ եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան հարցեր։ Ան ողջունեց նաեւ Անիի կամուրջի համատեղ վերականգնման վերաբերեալ արձանագրութեան ստորագրութիւնը։
Թուրքիոյ փոխնախագահը իր կարգին յայտնեց, թէ հանդիպումը «համապարփակ եւ արդիւնաւէտ» եղած է, ընդգծելով, որ կողմերը քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ երթեւեկային, մաքսային, ուժանիւթային եւ թուային ենթակառոյցներու զարգացման ուղղութիւնները։ Ան նաեւ կարեւորեց կարգաւորման գործընթացին մէջ արձանագրուող առաջընթացը։
Անիի կամուրջի վերականգնման վերաբերեալ՝ Եըլմազ շեշտեց, թէ այս նախաձեռնութիւնը կրնայ նպաստել խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման միջավայրի ստեղծման։
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանին գտնուող Անիի (Մետաքսի ճանապարհի) պատմական կամուրջի վերականգնման աշխատանքներուն վերաբերեալ արձանագրութիւնը ստորագրեցին Հայաստան–Թուրքիա կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Թուրքիոյ կողմէ՝ Սերտար Քըլըչ։