«Այսօրուան մեր ճգնաժամը հոգեւոր-բարոյական արժէքային ճգնաժամ է». Առցանց զրոյց Տաւուշի Թեմի առաջնորդ Բագրատ Արք. Գալստանեանի հետ

Կիրակի, 16 Ապրիլ 2023-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Դաստիարակչական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ հրապարակային առցանց զրոյց Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանի հետ, «Եկեղեցւոյ դերը մեր գոյատեւման պայքարը ամրապնդելու թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ» խորագրով:

Առցանց զրոյցը սփռուեցաւ «Հորիզոն»ի դիմատետրի հարթակէն եւ այլ գործընկեր լրատուամիջոցներու հարթակներէն: Բացումը կատարեց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Ժան Պալճեան, որ անդրադարձաւ յանձնախումբին առաքելութեան՝ սեմինարներով, աշխատանոցներով եւ դասախօսութիւններով իրազեկել Գանատահայ երիտասարդները, ուսանողները եւ համայնքի նորահաս սերունդը:

Սրբազան Հօր կենսագրութիւնը ներկայացուց Թորոնթոյէն Լոռի Պէրպէրեան: Ան ծնած է 20 Մայիս 1971-ին, Գիւմրի: 1988-1994 յաճախած է Գէորգեան ճեմարան, որմէ ետք ձեռնադրուած է սարկաւագ: 1995-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Ա.-ի կողմէ օծուած է կուսակրօն քահանայ եւ մինչեւ 1998 եղած է կաթողիկոսին գաւազանակիրը: 1996-ին նշանակուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Էջմիածին» պաշտօնական ամսագրի գլխաւոր խմբագիրը եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան եւ Քարոզչութեան կեդրոնի փոխ տնօրէն: 1996-1998 դասաւանդած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին եւ Վազգէնեան դպրանոցին մէջ:

2000-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի տնօրինումով  նշանակուած է Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցի տեսուչ: 2003-ին ընտրուած է Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ եւ նոյն թուականին ձեռնադրուած է Եպիսկոպոս:

Գանատայի մէջ հիմնադրած է Հայ Տուն կազմակերպութիւնը եւ 2012-ին Գոնգորտիա համալսարանին մէջ պաշտպանած է Աստուածաբանական եւ կենսաբանական բարոյագիտութեան  թեզը: 2013-ին վերադարձած է Հայաստան եւ ստանձնած է Մայր Աթոռի եկեղեցական  հայեցակարգային հարցերու տնօրէնութեան պաշտօնը: 2015-ին նշանակուած է Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ, 2017-ին՝ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ, ապա 2023-ին ստացած է Արքեպիսկոպոսի կոչումը:

Զրոյցը վարեց Մոնթրէալէն վերոնշեալ յանձնախումբի անդամ Մոսիկ Արզումանեան: Տ. Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեան նախ անդրադառնալով Սփիւռքի հասկացութեան ըսաւ. «Սփիւռքը լայն իմաստով նաեւ պատերազմական գօտի է, որտեղ ամէն օր կեանքի ու մահուան կռիւ է, հոն մեր ժողովուրդի զաւակները չեն զոհւում փամփուշտից, բայց զոհւում են այլազան երեւոյթներից, արժէքներից, որոնք անխուսափելիօրէն, ըստ տեղային պայմաններին, պատառում են մեզ, հետեւաբար ահռելի ջանքեր են պահանջում թէ՛ մարդկային ներուժից, թէ՛ նիւթական միջոցներից, իրականացնելու ծրագրեր, գործունէութիւններ, առաքելութիւններ, որոնք ի վերջոյ պիտի նպաստեն եւ ծառայեն մեր ընդհանրական կեանքի զարգացման: Հետեւաբար իւրաքանչիւր օր փրկութեան կամ կորուստի օր է»:

Ապա եկեղեցւոյ բնութագրման մասին ան յայտնեց. «Եկեղեցւոյ էութիւնը իր սկզբնաւորութենէն ի վեր անփոփոխ է, թէեւ գործելակերպերը կրնան տարբերիլ ըստ մարտահրաւէրներին եւ ըստ օրուայ պահանջներին»:

Այսօրուան իրավիճակի մեկնաբանութեան մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Այսօրուան մեր ճգնաժամը հոգեւոր-բարոյական արժէքային ճգնաժամ է, երբ արժէքներու հասկացութեան փոփոխութիւն տեղի կ“ունենայ, երբ հայրենիքն ու սրբազան հողը կը դիտուին որպէս բնակավայր, տարածութիւն կամ արօտավայր, երբ անմահութեան եւ նահատակութեան հերոսութիւնը կը դիտուի որպէս պարզապէս մի դէպք… եւ այսօր այդ հեղեղին դիմաց սփիւռքում կամ հայրենիքում ու արցախում մեծ պայքարի մէջ ենք, յատկապէս հոգեւոր արժեբանական իմաստով. հետեւաբար եթէ մենք կ“ուզենք երաշխիք ունենալ ապագայի, առաջնորդների սերունդ հարկ է պատրաստել եւ ոչ թէ սոսկ սերունդ»:

Ապա ան պատասխանեց զրոյցին հետեւողներուն հարցումներուն, որոնցմէ մէկը կ՚անդրադառնար աղանդաւորական շարժումներուն մասին. «Ես համոզուած եմ, որ մենք մեր անելիքները պիտի անենք, մեր առաքելութիւնը, մեր քարոզչութիւնը. այո՛, մեծ է պայքարի դաշտը, այլազան է, բազմաշերտ ու բազմագոյն, որոնցմէ մէկն է միայն աղանդները, հետեւաբար չափազանց ծանր է առաքելութիւնը, բայց մեր անելիքնե՛րն են կարեւոր», ըսաւ ան:

Զրոյցի տեսանիւթը դիտել այս յղումով։

Comments are closed.