Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Հայ Դատի համահայկական խորհրդաժողովի մասնակիցները

ԷՋՄԻԱԾԻՆ — Սեպտեմբեր 28-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողովի մասնակիցները։

Հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց խորհրդաժողովի աշխատանքները, Հայ Դատի համաշխարհային կառոյցներու գործունէութեան հիմնական առաջնահերթութիւնները եւ յառաջիկայ շրջանի ծրագիրները։

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց ներկաներուն՝ կարեւոր նկատելով միջազգային հարթակներու վրայ հայկական շահերու պաշտպանութեան եւ համազգային հիմնախնդիրներու բարձրաձայնման ուղղութեամբ Հայ Դատի կառոյցներուն կողմէ տարուող հետեւողական աշխատանքը։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման եւ Արցախի հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրներուն։

Այս առումով շեշտուեցաւ ազգային կառոյցներու ներուժը համախմբելու եւ միասնական ճիգերով համազգային խնդիրներու լուծման ու հայրենիքի հզօրացման ուղղութեամբ գործելու անհրաժեշտութիւնը։

Քննարկուեցան նաեւ ազգային-եկեղեցական կեանքին առնչուող մտահոգութիւնները եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ ծաւալած արշաւն ու Եկեղեցւոյ գործունէութեան առջեւ ստեղծուող խոչընդոտները։

Հանդիպման մասնակիցները ընդգծեցին Հայոց Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ ազգապահպան առաքելութեան առանցքային նշանակութիւնը՝ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի ամրապնդման, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայոց պետականութեան զօրացման գործին մէջ։