Ազգային ժողովը ընդունեց արտերկիր բնակող քաղաքացիներու ընտրական իրաւունքը սահմանափակող օրէնքը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց արտերկիր բնակող Հայաստանի քաղաքացիներու ընտրական իրաւունքը սահմանափակող օրէնքը։
Նոր օրէնքով, քուէարկելու իրաւունքէն կը զրկուին Հայաստանի այն քաղաքացիները, որոնք ընտրացուցակներու հրապարակումէն առաջ վերջին երկու տարուան ընթացքին առնուազն մէկ տարի Հայաստանի մէջ չեն գտնուած։ Բացառութիւն կը սահմանուի միայն ուսման նպատակով արտերկիր մեկնած քաղաքացիներուն եւ պետական գործուղման մէջ գտնուողներուն համար։
Օրէնքին կողմ քուէարկեցին միայն իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորները, ինչպէս նաեւ «Հայաստան» դաշինքէն հեռացած պատգամաւոր Գեղամ Նազարեան։
Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը յայտարարած է, որ կը պատրաստուի օրէնքի սահմանադրականութիւնը վիճարկել Սահմանադրական դատարանին մէջ։
Օրէնքը խիստ քննադատութեան արժանացած է նաեւ շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ։ Անոնք կը պնդեն, որ այս փոփոխութիւնները հակասահմանադրական են եւ կը հանդիսանան քաղաքացիներու ընտրական իրաւունքի անօրինական ու անհամաչափ սահմանափակում։