Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի եզրափակիչ հանրահաւաքը
- (0)

Մայիս 31-ին «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչներն ու համակիրները Արամ Մանուկեանի արձանին, Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ եւ Մատենադարանի հարակից տարածքներէն ուղղուեցան դէպի Ազատութեան հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ դաշինքի նախընտրական արշաւի եզրափակիչ հանրահաւաքը։
Հանրահաւաքին ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, հասարակական գործիչ Արսինէ Մինասեան, «Առաջ» կուսակցութեան նախագահ Սեւակ Խաչատրեան, ինչպէս նաեւ դաշինքի անդամներ Արծուիկ Մինասեան, Քրիստինէ Վարդանեան, Աննա Գրիգորեան եւ դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան։
Իր խօսքին մէջ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, թէ յառաջիկայ ընտրութիւնները իշխանափոխութեան եւ Հայաստանի ապագան որոշելու կարեւոր հանգրուան են՝ շեշտելով, որ հայ ժողովուրդը ինքն է իր ճակատագիրին տէրը։
Հանրահաւաքի ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ կարճ տեսանիւթ մը, ուր ներկայացուեցաւ «Հայաստան» դաշինքի եւ անոր գործընկեր ուժերուն քաղաքական պայքարի անցած ուղին։
Ելոյթ ունեցողները քաղաքացիներուն կոչ ուղղեցին լայն մասնակցութիւն բերելու ընտրութիւններուն՝ ընդգծելով, որ երկիրը կանգնած է վճռորոշ ընտրութեան առջեւ։
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Ռոպերթ Քոչարեան, որ իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ վստահութիւն յայտնեց, թէ իր քաղաքական ուժը անհրաժեշտ փորձառութիւնն ու կարողութիւնը ունի առկայ խնդիրներուն լուծումներ առաջարկելու։
Հանրահաւաքէն ետք դաշինքի անդամներն ու համակիրները իրազեկման եւ քարոզչական երթ իրականացուցին Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն մէջ։