Ֆրանսահայ Երգահան, Երաժշտագէտ Եւ Ղեկավար Կարպիս Ափրիկեան Կ’արժանանայ Ֆրանսայի Պետական Բարձրագոյն Տիտղոսին՝ «Commandeur De l’Ordre Des Arts Et Des Lettres» Շքանշանին

6 Հոկտեմբեր 2021-ին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսահայ երգահան, երաժշտագէտ եւ «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբի երկարամեայ ղեկավար Կարպիս Ափրիկեանի մեծարման երեկոն, որուն ընթացքին, ֆրանսացի յանրայայտ լրագրող եւ հեղինակ Ֆիլիփ Մէյերը Կարպիս Ափրիկեանին յանձնեց «Commandeur de l’Ordre des Arts et des Lettres» պետական շքանշանը, որ արուեստի ոլորտին մէջ ծանրակշիռ ներդրում ունեցող գործիչներուն շնորհուող Ֆրանսայի պետական բարձրագոյն տիտղոսն է:

Կարպիս Ափրիկեան ծնած է 1926-ին, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս: Ան ֆրանսահայ երաժշտահան է ու խմբավար, Փարիզի «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբի երկարամեայ ղեկավարը:

Կարպիս Ափրիկեան մեծապէս նպաստած է Եւրոպայի մէջ Կոմիտասի, Կանաչեանի, Ալեմշահի գործերուն ծանօթացումին: Ան իր տաղանդով ու վարպետութեամբ հայ երաժշտութեան երկնակամարին վրայ դարձած է եզակի անուն մը: Ան աւելի քան  70 տարի ոչ միայն իր ուսերուն վրայ կրած է «Սիփան-Կոմիտաս»ը բայց նաեւ հասցուցած է անհամար երգիչներ, յօրինած է երգեր, օրաթորիօներ:

Նշենք որ, Կարպիս Ափրիկեան 2009 թուականին արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» Հայաստանի Հանրապետութեան պետական բարձրագոյն շքանշանին, Հայ Մշակոյթի,  արուեստի ու ստեղծագործական  բնագաւառներուն մէջ ունեցած ակնառու նուաճումներուն համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.