Օնթարիոյի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս` Վարուժան Լափոյեան հրաժարած է

Թորոնթոհայ բարերար եւ հանրածանօթ գործարար` Վան (Վարուժան) Լափոյեան հրաժարած է Օնթարիոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսի իր պաշտօնէն: Լափոյեան «Թորոնթոհայ»-ին յայտնեց, թէ անձնական պատճառներով կայացուցած է պաշտօնէն հրաժարելու իր որոշումը:

Թորոնթոյի հայ համայնքի կեանքէն ներս մեծ եւ նշանակալի ներդրումներ ունեցող Լափոյեանը յայտնի է յատկապէս հայապահպանման գծով տարած իր գործունէութեամբ։ Յիշարժան երեւոյթ է 2016 թուականին տէր եւ տիկին Վարուժան եւ Սիլվա Լափոյեաններու կատարած իշխանական նուիրատուութիւնը ՀՕՄ-ի ամենօրեայ երկրորդական վարժարանին։ Իբրեւ ազգային բարերար եւ գործարար, անոր եզակի դերը կը շեշտուի նաեւ Սփիւռք-Հայաստան փոխգործակցութեան ծիրէն ներս:

Յունուար 2019-ին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Լափոյեան նշանակուած էր, որպէս Օնթարիոյի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.