ՔՊ-ական պատգամաւոր․ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը այլեւս արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւն չէ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահի թեկնածու Սարգիս Խանդանեան յայտարարած է, որ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը այլեւս արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն չի նկատեր Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը։
Խանդանեան ոչ միայն պաշտպանած է իշխանութեան այս դիրքորոշումը, այլեւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգ բերելը որակած է իբրեւ նախկին իշխանութիւններու «մեծագոյն սխալ»։ Ան մասնաւորաբար թիրախաւորած է Ռոպերթ Քոչարեանի իշխանութեան տարիները՝ պնդելով, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապագային եւս պէտք չէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն դառնայ։
Պատգամաւորը միաժամանակ պնդած է, թէ Թուրքիան Հայաստանի իշխանութիւններէն չէ պահանջած հրաժարիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքականութենէն եւ այդ ուղղութեամբ նոյնիսկ ակնարկ չէ կատարած բանակցութիւններուն ընթացքին։
Խանդանեանի յայտարարութիւնները անգամ մը եւս կը հաստատեն Փաշինեանի իշխանութեան արտաքին քաղաքական գիծը, որուն շրջանակին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը հետեւողականօրէն դուրս կը մղուի պետական առաջնահերթութիւններու շարքէն՝ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման քաղաքականութեան զուգահեռ։