Քինկսթընի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբին համատեղ սեմինարը

Շաբաթ, 23 Մարտ 2019-ին, Քինկսթընի համալսարանէն ներս, Հայ Դատի ընթացիկ գործունէութեան շուրջ տեղի ունեցաւ յատուկ աշխատանքային սեմինար մը, կազմակերպուած ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ Գանատայի Շրջանային Հայ Դատի Յանձնախուբին կողմէ:

Համատեղ կազմակերպուած սեմինարը յատուկ առիթ մըն էր ԳԵՄ-ի անդամներուն աւելի մօտէն ծանօթացնելու Հայ Դատի աշխատանքները, անոր անցեալի իրագործումներուն, ներկայի մարտահրաւէրներուն եւ ապագայի ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ քննարկելու գործնական շարք մը ծրագիրներ, որոնք ի գործ պիտի դրուին ԳԵՄ-ի համագանատական կառոյցին կողմէ:

Սեմինարին ընթացքին տեղի ունեցան չորս դասախօսութիւններ, որոնք կեդրոնացան հետեւեալ նիւթերուն շուրջ. Հայ Դատի Յանձնախումբին պատմականն ու ներկայ ծրագիրները, Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ մեր անդրադարձն ու տարուելիք աշխատանքը այդ ծիրէն ներս, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի դերը Հայ Դատի աշխատանքներուն առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի քարոզչական պայքարն ու հանրային կապերը: Բոլոր դասախօսութիւններու աւարտին տեղի ունեցան քննարկումներ եւ կարծիքներու փոխանակում:

Սեմինարին աւարտին, կազմակերպիչները շեշտեցին նման սեմինարներու կարեւորութիւնը եւ զանոնք յաճախակի կերպով կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը՝ մեր երիտասարդութիւնը աւելի մօտէն ծանօթացնելու համար Հայ Դատի աշխատաքներուն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.