Քեպէգի նահանգային խորհրդարանը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը

Ապրիլ 28-ին, Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ Գանատայի Քեպէգ նահանգի խորհրդարանին նիստին, որուն ընթացքին յիշատակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը եւ յատուկ բանաձեւով կողմէ վերահաստատուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման Քեպէգի նահանգային խորհրդարանի օրինագիծը։ Խորհրդարանը մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութեամբ յարգեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։

Նիստի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ պատգաւոր տիկին Գրիսթին Սեն-Փիերը, որ անդրդարձաւ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած կանխամտածուած ոճիրին մասին եւ շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշելու պարտաւորութիւնը, այն ցեղասպանութեան, որուն շարունակութիւնը հանդիսացաւ Արցախի հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած Ատրպէյճանական յարձակումն ու պատերազմը։ Ան ողջունեց նաեւ Ցեղասպանութեան Կրթական Հիմնադրամի եւ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնած Ցեղասպանութեան դասաւանդման ուղեցոյցի նահանգի Կրթութեան նախարարութեան կողմէ որդեգրման քայլը։

Նշենք, որ Քեպէգի խորհրդարանը 1980-ին յատուկ բանաձեւով ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ 2003-ին յատուկ օրինագիծով վերահաստատած է նոյն ճանաչումը։

Նոյն օրուան ընթացիքն, Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը առիթը ունեցաւ հանդիպելու խորհրդարանի անդամ Քրիսթին Սէնթ Փիեռի եւ Քեպէգի շրջակայ միջավայրի եւ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի Նախարար Պէնուա Շարէի հետ, որոնց հետ արծարծուեցան Քեպէգի հայ համայնքը շահագրգռող շարք մը հարցեր։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.