Քաղաքական քաոսը զէնք չի կրնար ըլլալ որեւէ կողմի ձեռքին

Aivazovsky’s Chaos – 1841

Վարչապետ Փաշինեանի իշխանութեան և ՀՀ Ազգային Ժողովի մեծամասնութեան միջև ներկայ առճակատումը կը շարունակուի հետզհետէ աւելի շեշտելով անհեթեթ բնոյթը կառավարման այս համակարգին։ Բոլոր երևոյթները ցոյց կու տան, որ Վարչապետ Փաշինեանի իշխանութիւնը, ըստ էութեան, զուրկ է սահմանադրական լիազօրութենէ։ Ան իր կարծեցեալ լիազօրութիւնը հիմնած է ժողովրդային զանգուածի մը խարիսխին վրայ, որ սակայն չի կրնար օրինաւորապէս ներկայացնել Հանրապետութեան հանրութեան լիարժէք կամքը։ «Յեղափոխութիւն» անուան տակ խօսող իշխանափոխութիւնը կ՚ուզէ հաւատացնել, որ հանրութեան կամքը կը կեդրոնանայ ի՛ր մէջ և ոչ՝ ՀՀ Ազգային Ժողովին։ Ասիկա օրինական մեծ աղաւաղում մըն է նոյնիսկ եթէ երիտասարդութեան մէկ լայն և կորովի շերտը մաս կը կազմէ շարժման և իրաւամբ ճակատ յարդարած է նախորդ իշխանութեան կեղեքիչ ուժին դէմ։

Հետևաբար ներկայիս մենք ունինք գործադիր իշխանութիւն, որ ինքզինք յայտարարած է ենթակայ միայն այն «փողոց»ի կամքին, զոր ոչ ոք կրնայ իրապաշտօրէն և քաղաքականօրէն սահմանել (ոչ իսկ Պր. Փաշինեանը՝ ի՛նք)։Եւ աւելի մտահոգիչն այն է, որ ան այսօր կը սահմանուի միայն Պր. Վարչապետի կամայական բնորոշումներով…Հետևա՞նքը այս բոլորին՝ Փաշինեանի իշխանութիւնը ցարդ կը յատկաշուի շարք մը պատժիչ նախաձեռնութիւններով միայն, բայց ոչ՝ համակարգային յստակ փոփոխութիւններով։ Աւելի՛ն. իր ներկայ de facto իրավիճակով Վարչապետ Փաշինեան յաջողապէս «առկախած» է ներկայ խոհրդարանական վարչաձևը և իրողապէս վերականգնած՝ նախորդ նախագահական վարչաձևը։ Այս է պատկերը այսօր։ Թերևս ոչ դիտաւորեալ կերպով, բայց այնուամենայնիւ ան այսօր կը պայմանաւորէ Հանրապետութեան քաղաքական կեանքը առանց այլևայլի։

Այս իրավիճակը անընդունելի է։ «Թաւշեայ յեղափոխութեամբ» պարծեցող իշխանութիւնը ինքզինք պիտի դնէ ՀՀ սահմանադրութեան գերակայութեան սահմաններուն մէջ։ Ան պիտի ընդունի, որ ինք մեծամասնութիւն չունի խորհրդարանին մէջ։ Ունի իրական հեղինակութիւն հիմնուած՝ ժողովուրդի զանգուածի մը զօրակցութեան վրայ և հետևաբար խորհրդարանական ուժերուն հետ բանակցելու անվիճելի կարողութիւն։ Բայց զգո՛յշ. խօսքը կը վերաբերի բանակցութեան և ոչ՝ (թող ներուի մեզի ըսել) բռնադատութեան։ Դուք պիտի գիտնաք, Պր. Վարչապետ, որ այս բանակցութենէն դուրս պիտի գաք ոչ ձեր պահանջներու հարիւր առ հարիւր իրականացման տարբերակով։ Այլ՝ հանրութեա՛ն հարազատ (legitimate, լեգիտիմ) յաղթանակով։ Փոխարէնը՝ դուք նորէն ընտրած կը թուիք ըլլալ «փողոց»ը շարժման մէջ դնելու տարբերակը։ Դուք որոշած կը թուիք ըլլալ «փողոց»ի ուժով — այսինքն քաղաքական շանթաժով — ձեր կամքը պարտադրել խորհրդարանին, փոխանակ շինիչ բանակցութիւններու միջոցով սահմանադրական լիազօրութիւն ձեռք բերելու դժուար ուղին ընտրելու։ Աւելի՛ն։ Դուք ձեր իսկ հարթակային յայտարարութիւններով ընտրած կը թուիք ըլլալ ՀՀ Սահմանադրութիւնը շահարկելու (manipulate) ճանապարհը քաղաքական բեմը դէպի փակուղի տանելու յստակ առաջադրութեամբ։ Ենթատե՞քստը այս բոլորին՝ քաղաքական բեմը դէպի փակուղի և երկիրը դէպի անիշխանութիւն տանելու գնով ձեռք բերել բացարձակ իշխանութիւն։ Այսինքն՝ ընել այն, ինչ, որ ձեր նախորդը ըրաւ այլ զէնքերու ապաւինելով։ Կը թուի, թէ ձեր զէնքը քաղաքական քաոս կարենալ ստեղծելու կամ ատով Ազգային Ժողովին սպառնալու ձեր կարողութիւնն է, որ կրնայ միայն երկիրը տանիլ վերջնական քայքայման։

Նոյն մարտահրաւէրին առջև կը գտնուի խորհրդարանական մեծամասնութիւնը, որ լայն չափով կը հիմնուի ՀՀԿ-ի պատգամաւորական պլոքի ուժին վրայ։ Հակառակ Ազգային Ժողովի Նախագահ՝ Պր. Պապլոյեանի ճիգերուն, խորհրդարանական մեծամասնութիւնը չէ կրցած համախոհութեան յանգիլ այսօր։ Հանրապետական պլոքի ղեկավարութիւնը պիտի գիտնայ, որ իր իրական ուժը ինք պէտք է փնտռէ ներկայ ճգնաժամը արագ հանգուցալուծման տանելու իր կարողութեան մէջ։ Ինք նոյնքան մեղաւոր է ներկայ քաղաքական փակուղիին համար, որքան գործադիր իշխանութիւնը։ Կարելի չէ մոռնալ, թէ ինչպէ՞ս երկիրը հասաւ այսօրուան քաղաքական քաոսին։ Մանաւանդ Հանրապետականները պէտք չէ մոռնան, որ իրենք մեծապէս պարտական են երկրի քաղաքացիական խարիսխին։ Իրենք ևս պիտի գիտնան, որ իրենք մեծ պարտք մը ունին մեր ժողովուրդին առջև և այդ մէկը մեքենայութիւններով չէ, որ պիտի կրնան մարել…

Այս տագնապը յստակ և շուտափոյթ լուծում մը ունի և ան կը գտնուի երկու կողմերու ձեռքերուն մէջ։ Ոչ ոք թող միամտութիւնը ունենայ ապաւինելու քաղաքական քաոսին։ Քաղաքական քաոսը զէնք չի կրնար ըլլալ որևէ կողմի ձեռքին։ Ան միայն կը փորէ ձեր և մեր՝ հայ ժողովուրդի գերեզմանը։

Կարօ Արմենեան
Հոկտեմբեր 2, 2018
Ուաշինկթըն

Նկարը՝ Այվազովսքիի «Քաոս»ը

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.