Ք­րիս­տա­փոր եւ գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան դաշ­նակ­ցա­կան ա­ւան­դը – ՄԱՀՈՒԱՆ 112-ԱՄԵԱԿ

Մարտ 17ի օ­րը իր ան­մո­ռա­նա­լի տե­ղը գրա­ւած է մեր ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ՝ տե­սիլք յայտ­նա­գոր­ծող եւ ի­մաս­տա­ւո­րող ան­մահ խոր­հուր­դով մը, խորհր­դան­շե­լով հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման գա­ղա­փա­րա­կան սրբա­ցու­մի եւ յե­ղա­փո­խա­կան պայ­ծա­ռա­կեր­պու­մի թո­ւա­կան մը։

Մարտ 17ի օ­րը կը խորհր­դան­շէ Ք­րիս­տա­փո­րեան ան­սա­կարկ Ուխ­տը՝ սե­փա­կան ան­ձին օ­րի­նա­կով ամ­բողջ սե­րունդ­ներ յա­րա­տեւ կռո­ւի ա­ռաջ­նոր­դե­լու, ան­յա­ջո­ղու­թեանց մատ­նո­ւե­լու ժա­մա­նակ ան­գամ պայ­քա­րի ո­գին վառ պա­հե­լու եւ, ա­նե­րեր այդ հա­ւատ­քով, ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մի դա­րա­ւոր տես­լա­կա­նը ան­պայ­ման յաղ­թա­նա­կով պսա­կե­լու հա­յու վճռա­կա­նու­թեան։

Վի­տո­շի ան­կորն­չե­լի ­Խոր­հուր­դին եւ Ք­րիս­տա­փո­րի նա­հա­տա­կու­թեան լու­սապ­սակ Ա­ւան­դին խորհրդա­նիշ թո­ւա­կանն է ­Մար­տի 17ն։

112 տա­րի ա­ռաջ, 17 ­Մարտ 1905ին, ­Պուլ­կա­րիոյ ­Վի­տոշ լե­րան լան­ջին, «­Մեծ ­Մար­դաս­պա­նին»՝ ­Սուլ­թան ­Հա­մի­տի ա­հա­բեկ­ման հա­մար պատ­րաս­տո­ւած ռում­բի հեր­թա­կան փոր­ձար­կու­մի պա­հուն, ող­բեր­գա­կան դի­պո­ւա­ծով ռում­բի ա­պա­ժամ պայ­թու­մի զոհ գնաց ­Հայ­կա­կան Յե­ղա­փո­խու­թեան ան­զու­գա­կան ղե­կա­վա­րը՝ Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեան, իր կող­քին ու ճա­կա­տագ­րա­կից ու­նե­նա­լով զի­նա­կի­ցը՝ Վ­ռամ­շա­պուհ ­Քեն­տի­րեա­նը։

1904ին գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 3րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին ո­րո­շո­ւած էր ­Սուլ­թան Ապ­տիւլ ­Հա­մի­տի ա­հա­բե­կու­մը։ Հ.Յ.Դ. հիմ­նա­դիր եր­րոր­դու­թեան ե­րի­ցա­գոյ­նը եւ ի­րա­ւամբ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Կամ­քին մարմ­նա­ւո­րու­մը հռչա­կո­ւած Ք­րիս­տա­փոր ի՛նք ե­ղած էր դրօ­շա­կի­րը «­Կար­միր ­Սուլ­թան»ը մա­հո­ւամբ պատ­ժե­լու յան­դուգն ո­րո­շու­մին։ Ա­ւե­լի քան բնա­կան էր, հե­տե­ւա­բար, որ Ք­րիս­տա­փոր ան­ձամբ ստանձ­նէր ո­րո­շու­մին գոր­ծադ­րու­թեան ամ­բող­ջա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը…

Այդ­պէ՛ս Ք­րիս­տա­փոր ստանձ­նե՛ց պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ­Հա­միտն ա­հա­բե­կե­լու դաշ­նակ­ցա­կան ո­րո­շու­մին գոր­ծադ­րու­թեան։

Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր եր­րոր­դու­թեան ե­րի­ցա­գոյ­նը, գե­րա­գոյն պարտ­քի զգա­ցու­մով, ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ մեծ բռնա­կա­լի ա­հա­բեկ­ման գոր­ծո­ղու­թեան ծրագ­րու­մին եւ գոր­ծադ­րու­թեան։
Եւ յե­ղա­փո­խու­թեան ա­ռաջ­նոր­դի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան մղու­մով՝ Ք­րիս­տա­փոր ան­ձա՛մբ ղե­կա­վա­րեց ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թեան բո­լոր փու­լե­րուն ման­րա­մասն ծրագ­րումն ու նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւ­նը։

Եւ այդ ճամ­բուն վրայ Ք­րիս­տա­փո­րի բա­ժին ին­կաւ ճա­կա­տագ­րի դառն խա­ղը՝ ռում­բի փոր­ձարկ­ման ար­կա­ծի հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կու­թեան ող­բեր­գու­թիւ­նը…
112 տա­րի ան­ցած է ­Վի­տո­շի ող­բեր­գու­թե­նէն աս­դին, բայց որ­քան ժա­մա­նա­կը թա­ւա­լի եւ որ­քան խո­րա­նան ­Վի­տո­շի ­Խոր­հուր­դը վեր­ծա­նե­լու փոր­ձե­րը, այն­քա՛ն կը խտա­նայ եւ այժ­մէա­կան իր թե­լադ­րա­կա­նու­թիւ­նը կը շեշ­տէ Ք­րիս­տա­փո­րի ա­րեամբ սրբագ­րուած ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան Կ­տա­կը եւ գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան միշտ պատ­րաստ գտնո­ւե­լու դաշ­նակ­ցա­կան ա­ւան­դը։

Վի­տո­շի ­Խոր­հուր­դը հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ու­ղին լու­սա­ւո­րող Ա­ւանդ է։

Ա­ռա­ջին հեր­թին ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու ­Հայ ­Մար­դուն կը ներշն­չէ ան­հուն ինք­նավս­տա­հու­թիւն ու հպար­տու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ հայ ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման մեծ ա­ռաջ­նոր­դը իր կեան­քի գնով մարմ­նա­ւո­րեց կեն­դա­նի օ­րի­նա­կը յե­ղա­փո­խա­կան յանդգնու­թեան ու անձ­նա­զո­հու­թեան։

Ոչ միայն խօս­քով, այ­լեւ գոր­ծով Ք­րիս­տա­փոր վա­րա­կիչ դար­ձուց Ա­ւան­դը ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան պայ­քա­րին ան­սա­կարկ անձ­նո­ւի­րու­թեան։
Վի­տո­շի ­Խոր­հուր­դը նաեւ կը յու­շէ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն, որ Ք­րիս­տա­փո­րի գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան օ­րի­նա­կով՝ երբ կայ մար­տու­նա­կու­թիւ­նը եւ երբ ամ­րա­պինդ է ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով ան­գամ կռո­ւի դաշտ նե­տո­ւե­լու կամ­քը, յե­ղա­փո­խա­կա­նը ի վի­ճա­կի է իր զէն­քե­րը հնա­րե­լու եւ սան­ձե­լու ա­մէ­նէն ան­խո­ցե­լի կար­ծո­ւած բռնա­կալ­ներն իսկ։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ ­Վի­տոշ լե­րան լան­ջին իր ող­բեր­գա­կան վախ­ճա­նով, Ք­րիս­տա­փոր հա­յոց հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րը հե­ռու պա­հեց տար­բեր ժա­մա­նակ­նե­րու հայ­կա­կան պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թեան, անձ­նա­պաշ­տու­թեան եւ ստրկա­կան հա­մա­կեր­պու­թեան բո­լոր դե­դե­ւում­նե­րէն եւ սայ­թա­քու­մի փոր­ձու­թիւն­նե­րէն։
Իր գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեամբ պատ­գա­մեց՝

«­Մենք կա­րող ենք, ի հար­կէ, նոյն մեր անձ­նա­պաշտ ա­րեան հե­տե­ւե­լով, ա­նի­ծել երկ­րագն­դիս բո­լոր քա­ղա­քա­կիրթ ազ­գե­րին էլ, որ այն ժա­մա­նակ, երբ մենք ա­նաս­նա­կան թէ սրի­կա­յա­կան, վաշ­խա­ռուա­կան թէ ստրկա­կան ժպիտ­նե­րով վե­րա­բե­րո­ւե­ցինք դէ­պի օ­րա­ւուր մեր ա­ռա­ջը գտնո­ւող խնդիր­նե­րը, նրանք — այդ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը — գլխա­պա­տառ –­ ո­տի տակ չտո­ւին ի­րենց բո­լոր շա­հե­րը եւ հայ­կա­կան կռո­ւի դաշ­տը չգրա­ւե­ցին… Ա­յո՛, կա­րող ենք այդ էլ ա­նել, ու­րիշ շատ բա­ներ էլ ա­նել, բայց ե՞րբ պի­տի քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­մար­ձա­կու­թիւն ու­նե­նանք մի փոքր էլ մեր վրայ անդ­րա­դառ­նա­լու եւ մեր բա­րո­յա­կան պա­կա­սու­թիւն­նե­րին, մեր վա­տա­ռողջ բնազդ­նե­րին, մեր ազ­գա­յին ախ­տե­րին՝ «պատ­մա­կան այդ չա­րի­քին» եւս՝ ո­րոշ տեղ տա­լու մեր կրած տա­ռա­պանք­նե­րի ու մեր ներ­կայ ծանր կա­ցու­թեան մէջ…»։

Վեր­ջա­պէս, հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ սուլ­թա­նա­կան բռնու­թեանց եւ ոս­տի­կա­նա­կան ա­րիւ­նա­հե­ղու­մի թուրք պե­տա­կան ան­պա­տիժ յան­ցա­գոր­ծու­թեան դէմ՝ ­Վի­տո­շի ­Խոր­հուր­դով Ք­րիս­տա­փոր ե­կաւ ու­սու­ցա­նե­լու հայ քա­ղա­քա­կան մտքին, թէ՝ ար­դար­նե­րուն վեր­ջին զէնքն ու ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան սրբա­զան ի­րա­ւունքն է ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը։
Թուրք քա­ղա­քա­կան միտ­քը ռազ­մա­վա­րա­կան ու­ղիի վե­րա­ծած էր պե­տա­կան ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը եւ անձ­նա­տուր ե­ղած էր — հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ա­մէ­նէն խա­ղաղ ե­լոյթ­ներն ան­գամ — հա­րիւր-հա­զա­րա­ւոր ան­մեղ­նե­րու ա­րեան մէջ խեղ­դե­լու… «ցե­ղաս­պա­նա­կան» վար­քագ­ծին։

Ք­րիս­տա­փոր իր ա­րեան նո­ւի­րա­բե­րու­մով ե­կաւ ու­սու­ցա­նե­լու, որ թրքա­կան պե­տու­թեան հա­յաջն­ջու­մի ա­հա­բեկ­չու­թեան ար­ժա­նի պա­տաս­խանն էր ­Հա­մի­տի ա­հա­բե­կու­մը, իբ­րեւ հո­գե­փո­խիչ օ­րի­նա­կը տկար­նե­րու ար­դա­րա­դատ ա­հա­բեկ­չու­թեամբ պե­տա­կան «ա­հա­բեկ­չու­թիւն»ը սան­ձե­լու յանդգ­նու­թեան… ո­գե­ղէն ու­ժին։

Ա­ռանց ­Վի­տո­շի ­Խոր­հուր­դին՝ դժո­ւար է ամ­բող­ջա­կան բա­ցատ­րու­թիւ­նը գտնել այն գաղտ­նի­քին, թէ ա­հա­բեկ­չու­թիւնն ու ա­հա­բե­կի­չը ին­չո՛ւ սրբու­թեան ի­մաստ եւ ար­ժէք ստա­ցած են հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դին պար­տադ­րո­ւած տկա­րի եւ զո­հի դա­ժան ու ա­նար­դար ճա­կա­տագ­րին դէմ գե­րա­գոյն ծա­ռա­ցու­մով՝ քրիս­տա­փո­րեան յանդգ­նու­թեամբ իր լրիւ բա­ցատ­րու­թիւ­նը կը գտնէ ­Հայ Ա­հա­բե­կի­չին նկատ­մամբ ­Սիա­ման­թո­նե­րով հիւ­սո­ւած ար­դի հա­յուն խո­րա­գոյն պաշ­տա­մուն­քը։

Եւ հա­յոց սե­րունդ­նե­րը ­Վի­տո­շի ­Խոր­հուր­դէն վեր­ցու­ցին ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի մեծ ա­ռաջ­նոր­դին ա­նա­ւարտ գոր­ծը շա­րու­նա­կե­լու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ այդ ճամ­բուն վրայ գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան պատ­րաստ գտնո­ւե­լու վա­րա­կիչ օ­րի­նա­կը։

Մար­տի 17ն­ է դար­ձեալ եւ հա­րիւր ու տաս­ներ­կու տա­րի ան­ցած է 1905ի այն չա­րա­բախտ օ­րէն աս­դին, երբ ­Վի­տո­շի լան­ջին ին­կան Ք­րիս­տա­փոր ու Վ­ռամ­շա­պուհ՝ յե­ղա­փո­խա­կան յանդգ­նու­թեան եւ անձ­նա­զո­հու­թեան ի­րենց վա­րա­կիչ օ­րի­նա­կով ջրդե­ղե­լով ­Հայ ­Դա­տի ու­ժա­կան պայ­քա­րի ու­ղին։

Երբ մե­ծերն ու զօ­րեղ­նե­րը բիրտ ու­ժով եւ պե­տա­կան ա­հա­բեկ­չու­թեամբ կը շա­րու­նա­կեն տկար­նե­րուն ար­դար պա­հանջ­նե­րը խեղ­դե­լու ի­րենց վա­քա­գի­ծը,
Երբ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան պա­տու­հա­սը՝ թրքա­կան ցե­ղաս­պան պե­տու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ, պե­տա­կան ա­հա­բեկ­չու­թեան նո­րա­նոր հնարք­նե­րով, հայ ժո­ղո­վուր­դին ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը խեղ­դե­լու իր դա­ւե­րը,

Հա­յոց սե­րունդ­նե­րը ան­վա­րան ի­րենց հա­յեաց­քը կ­’ուղ­ղեն դէ­պի ­Վի­տո­շի ­Խոր­հուր­դը։

Դէ­պի ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի յե­ղա­փո­խա­կան սուրբ միւ­ռո­նին իր ա­րիւ­նը միա­խառ­նած Ք­րիս­տա­փո­րի ան­մահ պատ­գա­մը.-
«­Յա­րա­տեւ կռիւ – ­յա­ճախ եւ եր­կար ժա­մա­նակ, գու­ցէ ան­յա­ջող՝ չնա­յած եր­բեմն նոյ­նիսկ իր լայն ծա­ւա­լին — ա­հա թէ ո՛ւր է մեր փրկու­թեան բա­նա­լին։ ­Պահ­պա­նե՛նք, շա­րու­նա­կենք կռի­ւը, որ­պէս­զի լայ­նա­նայ, ըն­դար­ձա­կո­ւի եւ ըն­դար­ձա­կո­ւե­լով՝ յա­րա­տե­ւի — ա­հա՛ դէ­պի մեր նպա­տա­կը տա­նող միակ ճա­նա­պար­հը։ Չ­շե­ղո­ւե՛նք այդ ճա­նա­պար­հից, որ պատ­ճառ­նե­րի եւ հե­տե­ւանք­նե­րի կա­պակ­ցու­թեամբ, ու­նի պատ­մու­թեան մէջ հաս­տա­տո­ւած օ­րէն­քի ոյժ. չշե­ղո­ւե՛նք այդ միակ ճա­նա­պար­հից, որ սփռո­ւած է յու­սա­տու ա­պա­գա­յի գրա­ւիչ ծա­ղիկ­նե­րով»։

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.