Փարթի Քեպեքուան կը վերադառնայ իշխանութեան՝ 12 տարուան ընդմիջումէ ետք

Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհաւորեց Փոլ Սեն-Փիեռ Փլամոնտոնն ու նորընտիր բոլոր երեսփոխանները

ՄՈՆԹՐԷԱԼ — Փարթի Քեպեքուան (Parti Québécois — PQ) յաղթանակ արձանագրեց հոկտեմբեր 5-ին տեղի ունեցած Քեպէգի նահանգային ընտրութիւններուն՝ 12 տարուան ընդմիջումէ ետք վերադառնալով իշխանութեան։ Կուսակցութեան ղեկավար Փոլ Սեն-Փիեռ Փլամոնտոն պիտի դառնայ Քեպէգի յաջորդ վարչապետը։

Նախնական արդիւնքներուն համաձայն՝ Փարթի Քեպեքուան ապահոված է 59 աթոռ՝ չհասնելով մեծամասնութեան համար անհրաժեշտ 64 աթոռին, եւ հետեւաբար պիտի կազմէ փոքրամասնութեան կառավարութիւն։ Քեպէգի Ազատական կուսակցութիւնը 40 աթոռով պիտի ստանձնէ պաշտօնական ընդդիմութեան դերը, մինչ Քեպէգի Պահպանողական կուսակցութիւնը ապահոված է 19, իսկ Québec solidaire-ը՝ 9 աթոռ։

Ընտրութիւններու գլխաւոր պարտեալը մինչ այժմ իշխանութեան վրայ գտնուող Coalition avenir Québec-ն էր։ Շուրջ ութ տարի Քեպէգը ղեկավարած կուսակցութիւնը չկրցաւ Ազգային ժողովին մէջ որեւէ աթոռ ապահովել, վերջ դնելով իր ութամեայ իշխանութեան։

Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհաւորեց Փոլ Սեն-Փիեռ Փլամոնտոնը ընտրական յաղթանակին առիթով, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի ընտրուած բոլոր երեսփոխանները՝ յաջողութիւն մաղթելով անոնց իրենց նոր պարտականութիւններուն մէջ։ Յանձնախումբը յայտնեց, որ պիտի շարունակէ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը նոր կառավարութեան, ինչպէս նաեւ ընտրուած բոլոր ներկայացուցիչներուն հետ՝ Քեպէգի հայ համայնքին եւ ընդհանրապէս Քեպէգի համար կարեւոր հարցերու եւ առաջնահերթութիւններու հետպնդման նպատակով։

Փարթի Քեպեքուայի իշխանութեան վերադարձով Քեպէգի անկախութեան հարցը դարձեալ պիտի վերադառնայ նահանգի քաղաքական օրակարգ։ Փլամոնտոն վերահաստատած է իր պաշտօնավարութեան ընթացքին անկախութեան շուրջ հանրաքուէ կազմակերպելու մտադրութիւնը, սակայն նշած է, որ այդպիսի քուէարկութիւն տեղի պիտի չունենայ մինչեւ 2029։