Տէրսիմի քաղաքապետ Մաչօղլու այցելեց Մուսա Լերան Վաքըֆլը գիւղ
1534
0
Թուրքիոյ առաջին ու միակ կոմունիստ քաղաքապետը այցելեց հայաբնակ Վաքըֆլըգիւղը։
Տէրսիմի կամ պաշտօնական անունով Թունճելի քաղաքի քաղաքապետ Ֆաթիհ Մեհմետ Մաչօղլու Անտիոքի շրջանին կատարած այցելութեան ծիրէն ներս այցելած է Վաքըֆլըգիւղ։ Մաչօղլու դիմաւորուած է թաղական խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափարի, գիւղապետ Պերճ Քարթունի եւ գիւղի բնակիչներէն «Պոլշեւիկ» ածականով ծանօթ Յովհաննէս Քեսքինի եւ դեղագործ Յակոբ Քարթունի կողմէ։
Հիւր քաղաքապետը այս առթիւ այցելած է Վաքըֆլը գիւղի եկեղեցին եւ նորակառոյց թանգարանը։ Թանգարանի այցելութեան ընթացքին Ճեմ Չափար բացատրութիւններ տուած է թէ թանգարանի իրերու մասին եւ թէ պատմած է Մուսա Լերան հերոսամարտի պատմութիւնը։