«Տաճկահայ Գաղթաշարժը Եւ Անոնց Դերը Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմութեան Մէջ» – Զ.

Գլուխ Երկրորդ

1914 – Բասէն Եւ Ալաշկերտ

4.

Առաջին Նահանջը Եւ Սրտաբեկումը

ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ

Թրքական բանակի առաջին օրերու շփոթութիւնն անցած էր: Ինքզինքը գտնելով՝ կրցած էր Քէօփրի Թէօյի (Բասէն) առջեւ եւ Խըլըճ Գէտիկի (Ալաշկերտ) բարձունքներու վրայ կասեցնել ռուսական յառաջխաղացումը: Բայց թրքական բանակն այդքանով չբաւականացաւ: Էնվէր փաշան, գինովցած իր կովկասեան եւ համաթրքական ծրագիրներով, Պօլսէն մեկնեցաւ Էրզրումի ճակատը: Հոն ամփոփեց իր զօրաբանակի ընտրանին, եւ խիստ յանդուգն յարձակողականի մը սկսաւ Արտահան-Օլթիի վրայով դէպի Կարս եւ Սարիխամիշ: Էնվէր փաշան ընտրած էր շատ շիտակ ճանապարհ մը հարուածելու ռուսական ամուր ճակատի եւ Կարսի բերդի կողէն, իրեն օժանդակ ունենալով միապաղաղ քիւրդ եւ թուրք ազգաբնակչութիւն մը:

Թուրք բանակի արկածախնդիր ընդհանուր հրամանատարը կայծակի արագութեամբ կը հասնէր Սարիխամիշի անտառը՝ ընդհանուր ահաբեկում առաջացնելով ռուսական ամբողջ ճակատի վրայ: Իրարու ետեւէ նահանջը կը սկսէր: Ռուսական բանակը կը թողուր Բասէնի իր ամբողջ դիրքերը եւ նահանջի ճանապարհը կը բռնէր: Նոյն վիճակին կ’ենթարկուէին Ալաշկերտի այն մասերն, որոնք սահմանամերձ էին Կարսի ճակատին: Սարիխամիշը կը դատարկուէր Կարսը վտանգի տակ էր: Ռուսական զօրաբանակներու ղեկավարներու մեծ մասը չէր կրնար պարզել իրական կացութիւնը: Բայց Կարսի եւ Սարիխամիշի թեւերու հրամանատարութիւնը մօտեցող վտանգը կը գիտակցէր: Էնվէր փաշայի բանակն այնպէս խիզախ ընթացք մ’առած էր եւ իր առաջին քայլերուն մէջ յաջողած, որ ռուսական բանակի կովկասեան ընդհանուր հրամանատարութիւնը ստիպուած էր ետ քաշուիլ եւ միայն պաշտպանողական կռիւ մղել, կանոնաւոր նահանջը ապահովելու համար: Բոլոր նշաններէն կ’երեւնար որ Կարսը կա՛մ պիտի տրուէր, կա՛մ պաշարուէր: Կովկասեան բեմը Բասէնէն կը փոխադրուէր զինուորական բնական կարգով, Ախալքալաք-Լօռի-Գանձակ-Ղարաբաղ, այսինքն Փոքր Կովկասեան լեռնաշղթայի վրայ: Ահա այսքան ահռելի վտանգի մը առջեւ կը գտնէինք ինքզինքնիս այն ժամանակ, երբ Բասէնի եւ Ալաշկերտի մէջ, փոքրիկ Հայաստան մը կ’ուզէինք կազմակերպել:

Բասէնցին եւ Ալաշկերտցին երկու ամսուայ նոր ազատուածներ էին թրքական տիրապետութենէն, երբ ստիպուեցան թողնել իրենց դարաւոր օջախները եւ գաղթական դառնալ: Նոյն բաղդին կ’արժանանային պարսկահայերն ալ, որովհետեւ այդ հեռաւոր ճակատն ալ կը նահանջէր: Բասէնի շրջանէն ռուսական զօրքը կը հեռանար խուճապով, կարելի է ըսել իր ոտքերուն տակ տրորելով հայ գաղթականութիւնը: Մենք ստիպուած էինք բռնել Արաքսի ձորը, դէպի Կաղզուան, որովհետեւ Սարիխամիշ-Կարս ճանապարհը կտրուած էր:

Այդ վտանգաւոր օրերուն, Բասէնի եւ Ալաշկերտի մարմինները փրկարար առաջնորդներ հանդիսացան գլուխը կորսնցուցած ժողովրդին եւ իրենց ցուցմունքներով ու ղեկավարութեամբ կրցան բազմաթիւ վտանգներէ փրկել անգիտակ բազմութիւնը: Ամենէն վճռական վայրկեաններուն, երբ ստոյգ կոտորածի մը վտանգին ենթակայ էրթէ տաճկական եւ թէ ռուսական Բասէնի ժողովուրդը, (որ ինկած էր թրքական բանակի կրակին տակ, միւս կողմէ եւ Արաքսի ձորի Զարաբ խանէի քրդութիւնը, կը վտանգէր անոր փախուստի ճանապարհը), Բասէնի մարմնի պնդումով, հայկական երրորդ կամաւորական գունդը մնաց ժողովրդի պաշտպանութեան համար Բասէնի Բաշ գիւղի մէջ, երեք օր աւելի, եւ չենթարկուեցաւ անմիջապէս ետ նահանջելու զինուորական հրամանին:

Ալաշկերտի շրջանի մէջ Դրոյի կամաւորական գունդը իր հոգածութեան առարկայ կը դարձնէր այդ տեղի ժողովուրդը: Այդ ինքնապաշտպանողական միջոցներու շնորհիւ էր որ 50,000-ի հասնող հայ գաղթականութիւն մը կրցաւ փրկուիլ: Շատերը, քաղաքական վէճի ընթացքին, հին օրերը կը մոռնան եւ վեր յիշուած «փոքրիկ» փաստը աւելի անկարեւոր կը նկատեն, քան իրենց խօսքի ասպետութիւնը:

Հայ ժողովրդի եւ անոր ղեկավարներու շարանը Կաղզուան հասած էր, երբ դէպքերը իրենց գահավէժ ընթացքը փոխեցին: Էնվէր փաշան իր յաղթութեան վայրկեանին իսկ՝ պարտուեցաւ: Անիկա պարտուեցաւ Սարիխամիշի անտառին ու խոր ձորերուն մէջ խրուելով: Բնութիւնը պարտութեան մատնեց անոր, իսկ ռուսական բանակը գիտցաւ օգտուիլ բնութեան ընծայած օժանդակութենէն: Թուրք բանակը տասնեակ հազարով թաղուեցաւ ու ոչնչացաւ Սարըխամիշի անտառին մէջ: Էնվէր փաշան հազիւ իր գլուխը կրցաւ ազատել եւ անմիջապէս Պօլիս փախաւ:

Սարըխամիշի պարտութիւնը մէջքը կոտրեց թրքական բանակին եւ մնաց անմոռանալի սուգ մը թուրքերուն համար: Ռուսական բանակը երբ տեսաւ գլխաւոր ուժի ջախջախումը, հրամայեց իր միւս թեւերու համայարձակումը որ շատ յաջող զարգացաւ եւ 15 օրուայ ընթացքին վերականգնեց իր նախկին դիրքերը:

Ռուսական բանակը թէեւ իր նախկին դիրքերը կը վերագրաւէր, սակայն ազատուած բուռ մը հայութիւնը մեծ մասով տեղահան եղած էր ձմեռուայ ամենավատ ժամանակին: Նահանջ բառը սարսափի ու գլխակորոյս փախուստի իր իմաստով, մնաց անջնջելի հայ ժողովրդի մտքէն, ու այդ օրերէն սկսած, գաղթական բառը դարձաւ տաճկահայու,- թշուառ ու օգնութեան կարօտ մարդուն հոմանիշ: Սակայն հասարակական մեծ աղէտի մը կերպարանք չստացաւ գործը: Ալաշկերտցիներու շատ փոքր մաս մը միայն անցաւ Իգտիրի շրջանը եւ գրկաբաց ընդունուեցաւ ռուսահայ գիւղացիութեան կողմէ. մնացածները կրկին տեղաւորուեցան Ալաշկերտի գիւղերը եւ շուտով վերագտան իրենց կանոնաւոր կեանքը: Տաճկական Բասէնի ժողովուրդը եկաւ եւ մեծ մասով տեղաւորուեցաւ ռուսական Բասէնի հայ գիւղերուն մէջ: Անոնք որ աւելի հեռուները նահանջած էին, անմիջապէս վերադարձան ռուսական Բասէն, այն յոյսով որ բանակը պիտի յառաջանար, ու իրենք իրենց պապենական տունը պիտի դառնային՝ վերականգնելու համար: Պարսկահայ գաղթականներէն ոմանք բռնեցին երկաթուղին եւ փոխադրուեցան Կովկասի զանազան կողմերը:

Կովկասի հայ հասարակական հաստատութիւնները իրենց ուշադրութիւնը դարձուցին գաղթականական կարիքներու վրայ: Կազմակերպուած մարմիններ,- ինչպիսիքն են Կովկասի Հայոց Բարեգործական Ընկերութիւնը, Գաղթականներուն Օգնող Հայոց Կեդրոնական Կօմիտէն, Էջմիածնի Եղբայրական Օգնութիւնը, Մոսկուայի Հայկ. Կոմիտէն,- հետզհետէ հրապարակ եկան եւ փութացին գաղթականական վայրերը, անմիջական օգնութիւն հասցնելու: Բասէնի եւ Ալաշկերտի քաղաքացիական մարմինները մնացած էին գաղթականական օգնութեան գործը նպատակայարմար ձեւով տանելու համար: Այսպիսով, առաջին գաղթականական փոթորիկն առանձին խոշոր անդրադարձում չունեցաւ կովկասահայ ընդհանուր կեանքի վրայ: Ժողովուրդը մնացած էր իր հողի կամ մօտիկ սահմանի վրայ: Օգնութեան կարօտներու թիւը շատ խոշոր չէր. իսկ օգնող ու կազմակերպող ձեռքերը՝ բաւական շատ էին:

Սակայն առաջին նահանջը ընդհանուր սրտաբեկում առաջ բերաւ: Հայ կամաւորական չորս գունդերն ալ իրենց եռանդուն մասնակցութիւնը բերած էին տեղի ունեցող կռիւներուն եւ առաջին թափին մէջ, բաւական ուժասպառ դարձած էին: Անցած էր երեք ամիս, եւ ակնկալուած արշաւանքը չէր հասած Էրզրում-Վան եւ Մուշ: Ոչ միայն Տաճկահայաստանը չէր գրաւուած, այլ Էնվէր փաշայի յարձակումով, աչոք բացոք կը տեսնէինք կովկասեան Հայաստանի վտանգումն ալ:

Պատերազմը ծանր գործ է եղեր… Նոր գլխի կ’իյնայինք: Տակաւին շատ ուժ պիտի սպառէինք մեր նպատակներու իրականացման համար: Եղած նիւթական եւ բարոյական զոհողութիւնները կրցած էին սկսուած գործի յառաջաբանն ըլլալ: Գործը կը պահանջէր լայն համբերատարութիւն, մեծ զոհողութիւն եւ աշխատանքի կանոնաւոր կազմակերպում: Ահա այս հանգամանքներու գիտակցումը եռանդուն ու անհաշիւ հոգիները կը յուսալքէր: Բեկում կար Տաճկահայութեան մէջ եւս: Ան երազած ռուսը տեսաւ: Հազիւ մօտէն ճանչցաւ՝ հիասթափուեցաւ: Իսկ նահանջը, անոր անգթութիւնները եւ կոպտութիւնները կատարեալ ատելութիւն ծնցուցին ժողովրդի մէջ հանդէպ «քրիստոնեայ ազատարար»ին: Անիկա (տաճկահայը) գաղթական դառնալով՝ կորսնցուց իր գիւղն ու հարստութիւնը: Նիւթական կախումը շատ բան քանդեց անոր վերածնուող հոգու մէջ: Բայց անիկա կառչած մնաց սահմանին մօտիկ գիւղերուն, որպէսզի կրնայ կտոր մը հող գտնել եւ իր քրտինքը խառնել անոր: Այդպէս ալ եղաւ:

Անդրանիկի գունդը Պարսկաստանի, Դրոյի գունդը Քանաքեռի, Համազասպի գունդը՝ Կաղզուանի, իսկ Քեռու գունդը Կարսի մէջ ամփոփուած մնացին եւ ձեռնարկեցին լուրջ վերակազմութեան: Քանի մը ամսուայ հանգստի, վարժութեան եւ շարքերը խտացնելու շրջան էր այդ: Ռուս զօրքը իր ձմեռուայ դիրքերն ամրացուց խրամատներով: Նեղ սահմանի վրայ խրամատային կռիւը դարձաւ սովորական:

Պատերազմի ճակատը կայուն բնոյթ մը ստացաւ: Մենք ալ մեր կեանքով յարմարեցանք անոր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.