Տա՛նք լիաբուռն՝ Լիբանանի Քաղաքամայր Պէյրութի աղէտեալներուն

Լրատուական միջոցներէն ծանօթացանք Լիբանանի քաղաքամայր Պէյրութի սարսափազդու պայթիւնին պատճառով տեղւոյն բնակչութեան եւ հայ գաղութին ահաւոր վիճակին, ինչպէս նաեւ թագաժահրի առողջապահական, ընկերային ու տնտեսական ցաւալի խնդիրներուն։

Այս ուղղութեամբ, մեր մամուլի էջերէն երախտագիտութեամբ նաեւ տեղեկացանք Լիբանանի աղէտեալներուն օժանդակելու Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի առած քայլերուն, նախ անոր հրաւիրած հանդիպումին, որուն ներկայ եղան Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի, Ազգային Վարչութեան, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւններու ներկայացուցիչները, եւ որոնք յանձն առին ամբողջական գործակցութեամբ օժանդակութեան աշխատանքը յառաջ տանիլ։ Ինչպէս նաեւ ակնածանքով կարդացինք՝ ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի եւ ՀՕՄի կեդրոնական մարմինի հրապարակած կոչերը, Պէյրութի աղէտեալներուն օժանդակելու կապակցութեամբ։

Մայրաքաղաք Պէյրութի սարսափազդու, աւերակող պայթումին պատճառով ստեղծուած անկայուն վիճակին իբրեւ արդիւնք՝ լիբանանցի ժողովուրդը այսօր ենթարկուած է առողջապահական, ընկերատնտեսական քաոսային ծանր կացութեան։

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի թելադրանքով ու օրհնութեամբ, Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի հոգեւոր Առաջնորդ Գերշ. Շահէ Արք. Փանոսեանին եւ մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ, Հայ Աւետարանական համայնքներու պետերուն եւ ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԿԲՄ-ի ներկայացուցիչներուն, հաստատուեցաւ «Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմին»ը, կարգաւորելու համար աւերակուած օճախներու, եկեղեցիներու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կեդրոններու վերանորագման եւ շինարարական, ինչպէս նաեւ անօթեւաններու օգնութեան աշխատանքները, ընդհանրապէս կեդրոնանալով սննդամթերքի ապահովման, բժշկական ծառայութիւններու եւ կարգ մը դեղերու ապահովման աշխատանքներուն վրայ։

Ստեղծուած ծանրակշիռ կացութեան ի տես, Մարմինը կը ծրագրէ նաեւ օժանդակութիւններ տրամադրել հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն, որոնց թիւը օր ըստ օրէ սկսած է աւելնալ, գլխաւորաբար գործազրկութեան, տնտեսական եւ առողջական անձուկ վիճակին պատճառով։

Այս ծիրէն ներս, ներկայ հանգրուանին, խիստ կենսական դարձած է համահայկական զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը, որոնք մեծապէս պիտի նպաստեն գաղութի վերականգնումին, վերաշխուժացման ու իր ստանձնած դերակատարութեան շարունակականութեան, միաժամանակ վերացնելու համար յուսաբեկումը, որ կրնայ առաջնորդել ոչ ցանկալի արտագաղթի եւ հայ գաղութի նօսրացման։ Հայկական տեղական կառոյցներու եւ հաստատութիւններու բնականոն կեանքի վերադարձը եւ ժողովուրդին հոգեբանական այս ծանր իրավիճակը շրջանցելու անհրաժեշտութիւնը կը կարօտին աշխարհացրիւ հայութեան բարոյական եւ նիւթական անմիջական ներդրումին։

Գործնական նկատառումներէ ելլելով, նպատակայարմար կը թուի ըլլալ, որ օժանդակութիւնները ըլլան գլխաւորաբար նիւթական, տրուած ըլլալով որ տակաւին նիւթականով կարելի է Լիբանանի մէջ ապահովել ամէն տեսակի սննդամթերք, դեղօրայք եւ ապաստանարան։

Թէեւ այսօր համեմատաբար անդորր վիճակի մէջ է աղէտուած Պէյրութը, սակայն Լիբանանցիներու մեծ թիւի մը անօթեւան մնալը, ինչպէս նաեւ աննախատեսելի բազմաթիւ այլ դժուարութիւնները կրնան հոգեբանական եւ տնտեսական ահաւոր տագնապի առաջնորդել Լիբանանն ու Լիբանանի հայ գաղութը, որուն կասեցման մէջ կենսական նշանակութիւն պիտի ունենան յատկապէս աշխարհի չորս կողմէ առաքուող նիւթական նպաստները։

Գիտակցելով թէ Սփիւռքի մեր իրականութեան մէջ հայ մշակոյթի եւ հայկական արժէքներու պահպանման ու յատկապէս հայապահպանման իմաստով կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է Լիբանանը եւ տեղւոյն հայ գաղութը իր ուժականութեամբ անսակարկ ներդրում ունեցած է ու կը շարունակէ ունենալ համահայկական բոլոր ծրագիրներուն, թէ՛ գործնական եւ թէ՛ բարոյական իմաստով։ Գիտակցելով նաեւ, որ Գանատահայ գաղութը կրնայ սատարել Լիբանանի ներկայ աննախադէպ այս իրավիճակին, որպէսզի ամուր հիմերու վրայ մնայ գործունեայ լիբանանահայ գաղութը վստահ ըլլալով, որ այնքան ատեն, որ ան կը մնայ զօրաւոր, Սփիւռքի մեր ամբողջ կառոյցն է որ անպայման կը զօրանայ իրմով։ Եւ այդ մօտեցումով է նաեւ, որ հիմնական կարեւորութիւն կը ստանայ մեր ներդրումը համատարած նիւթական օժանդակութեան մեր մասնակցութեամբ։

Ամիսներ առաջ, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ կեանքի կոչուեցաւ Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմինը, մասնակցութեամբ Գանատայի Հայ կեդրոններու յարկին տակ գործող բոլոր Միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն եւ Ազգային Առաջնորդարանին, Լիբանանի աղէտեալներուն օժանդակելու աշխատանքը լաւագոյնս համակարգելու եւ անյապաղ ընթացքի մէջ դնելու համար, որպէսզի անսակարկ ներդրումով եւ ուղեկից Միութիւններու եւ գաղութի անդամներուն մօտ քարոզչութեան ընդլայնումով, իրենց նիւթական նուիրատուութիւններով մասնակից դառնան ահազանգային այս աննախադէպ հանգանակութեան, որ այս հանգրուանին կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ համայն հայութեան համար։

Գանատահայութիւնը ինչպէս անցեալին, այսօր եւս օժանդակութեան հարազատի իր ձեռքը պիտի երկարէ աղէտահար Լիբանանին եւ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն, որոնք միշտ բարձր պահած են հայու աննկուն կամքը, անխորտակ ոգին ու շինարարի նկարագիրը՝ ի խնդիր պարզուած իրավիճակներու բարեփոխման եւ հիւրնկալ Մայրիներու երկիր Լիբանանի վերականգնումին ու վերակերտումին։

Այսօր, բացուած յայտարարուած է Լիբանանի Աղէտեալներու Օժանդակութեան հանգանակութիւնը, մասնակցին՛ք բոլորս, տա՛նք սրտանց հայ ազգի զաւակներուն համար միշտ իր թեւերը լայն բացած Մայրիներու երկիր Լիբանանին, որպէսզի կանգուն մնայ նաեւ հայոց քրիստոնէական հաւատքի եկեղեցիները, Աթոռանիստ կեդրոններն ու Առաջնորդարանները, կրթական օճախներն ու մշակութային կեդրոններն ու ակումբները, որոնք տակաւին կը շարունակեն դառնալ լուսաւոր փարոսը սփիւռքի մէջ տարածուած հայ ազգի զաւակներու ազգապահպանման կարիքներուն, ինչպէս նաեւ սատարելով վերանկախացած Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութեան վերելքին եւ բարգաւաճումին։

Յ. Ճանպազեան

9 Օգոստոս, 2020

Թորոնթօ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.