Վրաստանի մէջ միակ կին օդաչուն՝ Նատիա Պենքլեանը

Նատիա Պենքլեանը Վրաստանի մէջ առաջին եւ առայժմ միակ կին օդաչուն է: Sputnik–ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ան պատմած է, թէ ինչպէս որոշած է օդաչու դառնալ :

25 տարեկան Նատիա Պենքլեանը քանի մը ամիս առաջ սկսած է աշխատիլ վրացական «Georgian Airways» ընկերութեան մէջ եւ ապացուցած, որ կինը կրնայ տղամարդու մասնագիտութեամբ աշխատիլ եւ օդանաւ վարել նոյնքան լաւ, որքան տղամարդը:

– Նատիա, աղջիկները սովորաբար կ՛երազեն դերասանուհի, բնորդ, բժիշկ դառնալ, բայց օդաչու… Ինչպէ՞ս ծնաւ այդ գաղափարը:

— Հայրս օդաչու էր: Մանկութենէս դագնացութիւնը կը շրջապատէ զիս, ես նոյնիսկ կ՛ապրիմ օդակայանին մօտ գտնուող աւանի մէջ (Թիֆլիսի ծայրամասը): Ես միշտ կը տեսնէի, թէ ինչպէս օդ կը բարձրանան եւ վայրէջք կը կատարեն օդանաւերը, բայց օդաչու դառնալու ցանկութիւն չունէի: Օրինակ չունէի աչքիս առաջ:

– Իսկ հայրի՞կդ:

— Հայրիկը, այո, բայց ես նկատի ունիմ` կնոջ օրինակ չունէի: Ոչ մէկ կին օդաչու կար: Երբ ես մօտաւորապէս 15 տարեկան էի, առաջին անգամ հօրս հետ երկինք բարձրացայ, եւ ինծի շատ հաճելի թուեցաւ: Նոյն այդ պահուն մտածեցի` իսկ ինչո՞ւ օդաչու չդառնալ: Ի հարկէ, այն ժամանակ ես այդ մասին ոչ մէկուն ըսի:

Իմ մտադրութեան մասին ծնողներուս յայտնեցի միայն այն ժամանակ, երբ աւարտեցի դպրոցը: Անոնք զարմացան, բայց ըսածս լուրջ չընդունեցին: Հայրս խորհուրդ տուաւ հրաժարիլ այդ մտքէն: Իսկ մայրս ըսաւ, որ անդադար կը նայի երկինք եւ կը սպասէ հօրս վերադարձին եւ չ՛ուզեր նաեւ ինծի սպասել: Հակառակ ատոր, ես կը շարունակէի պնդել, կը փորձէի համոզել ծնողներս եւ կրցայ հասնիլ ուզածիս: Այդպէս ես յայտնուեցայ Վրաստանի օդագնացութեան համալսարան:

– Հաւանաբար, դասարանին մէջ միակ աղջիկն էիք եւ ձեզ ձեռքերու վրայ կը պահէին:

— Մինչեւ իմ ընդունուելը դասարանին մէջ աղջիկներ չէին եղած, բայց իմ ընդունուելու տարին մենք արդէն երեք հոգի էինք: Աղջիկներէն մէկը չկրցաւ աւարտել ուսումնարանը, որովհետեւ ամէն տարի մենք բժշկական զննում կ՛անցնինք, եւ ան առողջական խնդիրներու պատճառով չկրցաւ օդաչու դառնալ: Երկուքս կրցանք աւարտել Օդագնացութեան համալսարանը: Պարզապէս ես արդէն կ՛աշխատիմ, իսկ երկրորդ շրջանաւարտը աշխատանքի կը սպասէ: Ես առաջին եւ առայժմ միակ կին օդաչուն եմ Վրաստանի մէջ:

Համալսարանի մէջ ուսանելու տարիներուն մարդիկ երկու խումբի բաժանուեցան: Մէկ մասին հաճելի էր աղջիկներու ներկայութիւնը, միւսները թերահաւատօրէն կը նայէին մեզի եւ մեր ընտրութիւնը անլուրջ քայլ կը համարէին: Բայց անձամբ իմ վրայ դրական ազդեցութիւն ունեցաւ, քանի որ ես որոշեցի ապացուցել բոլորին, որ կրնամ օդաչու դառնալ: Այդ մասնագիտութիւնը տղամարդկային ուժ չի պահանջեր: Օդաչուն պէտք է ճկուն, խելացի ըլլայ, կարենայ արագ կողմնորոշուիլ եւ իւրացնէ ուսումնական նիւթերը:

– Պատմեցէք ձեր առաջին թռիչքին մասին:

— Առաջին թռիչքէն ստացած տպաւորութիւններս անհնար է փոխանցել, անհնար է որեւէ բանի հետ համեմատել: Ես չէի հաւատար, որ ատիկա իսկապէս իմ հետ կը կատարուի: Միլիոնաւոր տպաւորութիւններ ստացայ եւ աննկարագրելի զգացողութիւններ ունեցայ:

Առաջին թռիչքի ժամանակ ազատութիւն չես զգար: Առաջին թռիչքը քաջողջութիւն (euphoria) է: Իսկ արդէն երրորդէն ետք, տասներորդէն ետք դուն ազատութեան զգացում կ՛ունենաս, կը սկսիս գիտակցելու, որ այն, ինչ կը կատարուի, քու որոշ գործողութիւններուդ արդիւնք է:

Երբ ուղեւորները զիս կը տեսնեն, ոմանք ուշադիր կը նային, ոմանք կը հիանան, օդանաւի ուղեկցորդուհիներուն կը հարցնեն իմ մասին, կը հետաքրքրուին` ես օդաչու եմ, թէ ոչ: Փափուկ վայրէջքներու ժամանակ ինծի ծափեր կը նուիրեն, կը ժպտին ինծի: Ջերմութիւն եւ լաւ վերաբերմունք կը ստանամ ուղեւորներէն, որ հաճելի է եւ ուժ կու տայ աշխատելու համար:

– Յայտնի է, որ թռիչքի-ուղեկցորդուհիները կանուխ տարիքին թոշակի կ՛անցնին, իսկ օդաչու կանա՞յք:

— Թռչիլ կարելի է մինչեւ 65 տարեկան, եթէ առողջութիւնդ կը ներէ: Ամէն տարի բժշկական զննում անցնելէ ետք մեզի թռիչքներու իրականացման համար թոյլտւութիւն կու տան: Կարեւորը առողջ ըլլալն է:

– Երբեք չէ՞ք վախցած թռչելէն:

— Մինչեւ հիմա կը փորձեմ հասկնալ` արդեօք վախ կա՞յ թռիչքի ժամանակ: Բայց նման բան չկայ: Աւելի շատ մեծ պատասխանատուութիւն եւ քիչ մը լարուած կը զգամ, բայց ատիկա ուշադրութիւնս կեդրոնացնելէն է: Վախը հոգեբանական պահ է: Համալսարանին մէջ օդաչուները կ՛առնեն «մարդկային գործօն» կոչուած նիւթ մը, ուր որոշ հոգեբանական պահեր կ՛ուսումնասիրուի: Մեզի սովորեցուցած են, որ կարելի չէ խուճապի մատնուիլ եւ պէտք է հանգիստ մնալ երեւէ իրավիճակի մէջ: Այսինքն այնքան կրթուած օդաչու պէտք է ըլլաս, որ յստակ իմանաս, թէ ինչ պէտք է ընես այս կամ այն իրավիճակի մէջ: Անդադար պէտք է աշխատիս քու վրադ:

– Կը նկարագրէ՞ք է կին օդաչուի սովորական օրը:

— Օրինակ` երէկ ես երկու թռիչք ունէի: Սկիզբը մենք կը հաւաքուինք օդաչուներու բաժանմունք եւ կ՛ուսումնասիրենք եղանակային առանձնայատկութիւնները, կը վերլուծենք յառաջիկայ թռիչքը, կ՛որոշենք հրամանատարին հետ, թէ որքան վառելիք պէտք է, ամէն ինչ մանրակրկիտ կը քննարկենք… Այնուհետեւ ես կը բարձրանամ օդանաւ, չուերթի համար կը նախապատրաստեմ օդանաւը, սրահը եւ ճամբայ կ՛ելլեմ:

Սա այնպիսի մասնագիտութիւն է, որ պէտք է մարդու մէջ ըլլայ: Ոմանք կ՛ըսեն, որ ես շատ գեղեցիկ համազգեստ ունիմ, լաւ աշխատանք, մեկնեցար-վերադարձար, եւ վերջ: Բայց ամէն ինչ այդքան ալ հեշտ չէ: Օդագնացութեան երթալէ առաջ պէտք է հասկնալ, թէ ինչի հետ գործ պիտի ունենաս:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.