Վերականգնած է Դամասկոսի Ազգային Միացեալ Վարժարանը

Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի հայկական վարժարանը, որ պատերազմի ընթացքին ծանր վնասներու ենթարկուած էր, վերաշինուած եւ վերականգնած է։ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Նորա Արիսեան ֆէյսպուքի իր հարթակին վրայ կը տեղեկացնէ այս մասին գրելով. «Ահաբեկչութեան հետևանքները վերացնելով, վերականգնեցաւ Ազգ. Միացեալ Վարժարանը, Դամասկոսի Արուարձանին մէջ: Շնորհաւոր բոլոր Դամասկահայութեան»։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.