Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. « Շատ Կարեւոր Կը Նկատեմ Հայաստանի Եւ Արցախի Իշխանութիւններու Միջեւ Արդիւնաւէտ Համագործակցութիւնը»

22 մայիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի առանձնազրոյցը:

Փաշինեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Արցախի մէջ նկատած է ստեղծումը շատ լաւ մթնոլորտի` անհրաժեշտ նկատելով այս մթնոլորտը այս մակարդակի վրայ պահելն է եւ աւելի զարգացնելը: «Շատ կարեւոր կը նկատեմ, որ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններու միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն տեղի ունենայ, եւ անոր համար կան անհրաժեշտ բոլոր նախադրեալները: Համոզուած եմ` այդպէս ալ պիտի ըլլայ», նշեց ան:

Արայիկ Յարութիւնեան յայտնեց. «Մեր հասարակութիւնը ես կը դիտարկեմ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, չկայ Հայաստանի ժողովուրդ, Արցախի ժողովուրդ, կայ հայ ժողովուրդ եւ մենք այդ սկզբունքէն մեկնելով պէտք է պահենք մթնոլորտը, զարգացնենք: Այն նախադրեալները, որոնք այսօր ստեղծուած են Արցախի մէջ ոչ միայն բարոյահոգեբանական, այլեւ տնտեսութեան զարգացման, ընկերային ծրագիրներու, հայրենադարձութեան առումով, ամէն ինչ կարելի է իրականացնել միացեալ աշխատանքի շնորհիւ»:

Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուած է Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրաբ Մնացականեանի եւ Մասիս Մայիլեանի մասնակցութեամբ: Քննարկուած են երկու հայկական հանրապետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւններու փոխգործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ արտաքին օրակարգի հարցերուն մէջ աւելի ներառական աշխատանք ծաւալելու վերաբերեալ հարցեր:

Նախագահ Յարութիւնեան լուսարձակի տակ առած է Արցախի միջազգային գերիշխանութեան բարձրացման գծով Հայաստանի Հանրապետութեան կարեւորագոյն դերակատարութիւնը` շեշտադրելով, որ այդ ուղղութեամբ համատեղ ջանքերը պէտք է անընդհատ աւելնան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.