Վանքուվըրի հայ համայնքը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը
- (0)

Կազմակերպութեամբ Պրիթիշ Քոլոմպիայի հայ համայնքի միացեալ յանձնախումբին, կիրակի, 26 ապրիլ 2026-ին, Վանքուվըրի Mountain View Cemetery-ի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցի խորհրդալից ոգեկոչումը։
Գերեզմանատան մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ տեղի ունեցած յայտագիրի բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անդամ եւ օրուան հանդիսավար Լորիկ Քորաճեան, որ համապարփակ կերպով ներկայացուց օրուան խորհուրդը եւ ցեղասպանութեան յիշատակման, դատապարտման ու կանխարգիլման համար մարդկութեան հաւաքական պատասխանատուութեան հրամայականը։
Յայտագիրին ընթացքին խօսք առաւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի նահանգային կառավարութեան անդամ, ուժանիւթի նախարար Ատրիան Տիքս, որ իր խօսքին մէջ ընդգծեց «գործնական յիշողութեան» կարեւորութիւնը եւ պատմութեան դասերու արդիական նշանակութիւնը։ Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Վանքուվըր-Լանկարա շրջանի երեսփոխան Սունիթա Տհիր, շեշտելով անարդարութեան դէմ համախմբուած պայքարի անհրաժեշտութիւնը։ Ելոյթներուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լապու-Լապուի ողբերգութեան առաջին տարելիցին՝ յայտնելով զօրակցութիւն ֆիլիպինեան համայնքին։
Ապա Ս. Ներսէս Շնորհալի վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր՝ երգով եւ ասմունքով, մինչ ՀՕՄ-ի «Արազ» վարժարանի սաները անդրադարձան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի պատմական նշանակութեան եւ ներկայացուցին սփիւռքի նշանաւոր հայ անհատներու գործունէութիւնը։
Գլխաւոր բանախօսն էր Քարլթըն համալսարանի դասախօս փրոֆեսոր Ճեֆ Սահատէօ, որ իր ելոյթին մէջ ներկայացուց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պատմական ընթացքը՝ Խորհրդային Միութենէն մինչեւ մեր օրերը Գանատայի մէջ, ընդգծելով, որ թէեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը յատուկ է հայ ժողովուրդին, սակայն անոր դասերը համամարդկային են։
Պաշտօնական յայտագիրի ընթացքին ընթերցուեցաւ նաեւ այս առիթով հրապարակուած Պրիթիշ Քոլոմպիայի նահանգային կառավարութեան յայտարարութիւնը։ Նաեւ ընթերցուեցան շարք մը դաշնակցային եւ նահանգային պաշտօնատարներու զօրակցական խօսքերը, ներառեալ խորհրդարանի անդամներ Տոն Տէյվիսի, Թերի Պիչի, Փարմ Պէյնսի, Մարք Տալթընի եւ Էլիզապէթ Մէյի, ինչպէս նաեւ նահանգային երեսփոխաններ Թերեզա Ուաթի, Մէյպըլ Էլմորի եւ Սթիւ Քունըրի։
Ձեռնարկը փակուեցաւ Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեանի եւ Արժ. Տ. Գեղարդ քհնյ. Կարապետեանի աղօթքով։ Արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն։