Վանգուվըրի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի միջմասնաճիւղային սեմինարը

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ — ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Վանգուվըրի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղը, իր տեսակին մէջ առաջին անգամ ըլլալով, յուլիս 3-5-ին կազմակերպեց սեմինար մը՝ համախմբելով ընկերներ Մոնթրէալ-Լաւալի «Լեւոն Շանթ-Բեկոր Աշոտ» եւ Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղերէն։

Երեք օրերու ընթացքին 30 մասնակից ընկերներ ներկայ գտնուեցան դասախօսութիւններու, մասնակցեցան զրոյցներու եւ պտոյտներու, վայելելով ընկերական ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտ մը։ Ընկերները հիացած մնացին Վանգուվըրի գեղեցիկ բնութեամբ եւ առիթ ունեցան մօտէն ծանօթանալու «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի գործունէութեան։

Սեմինարի ընթացքին մասնակիցներուն այցելեցին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ընկերուհի Մարալ Քիւլլահեան եւ Վանգուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի անդամ ընկեր Մհեր Զքուշեան, որոնք բարձր գնահատեցին թէ՛ սեմինարի ընթացքը եւ թէ՛ նախաձեռնութիւնը։

Ընկերները սեմինարէն հեռացան բարձր տրամադրութեամբ, նոր խանդավառութեամբ եւ միջմասնաճիւղային կապերը առաւել ամրապնդելու վճռակամութեամբ։