Վանգուվըրի ՀՄԸՄ-ի մետալակիր մարզիկներուն ողջոյնի հանդիսութիւն

Շաբաթ, 3 Օգոստոս 2019-ի երեկոյեան, Գլարա եւ Վահիկ Յակոբեաններու Ուէսդ Վանգուվըրի բնակարանին մէջ հաւաքուած էին 140-էն աւելի վանգուվըրահայեր՝ ողջունելու ՀՄԸՄ-ի Վանգուվըրի մասնաճիղին յաղթական վերադարձը ՀՄԸՄ-ի 44-րդ նաւասարդեան խաղերէն։

Վանգուվըրի ՀՄԸՄ միաւորի ատենապետուհի քոյր Լիսա Հոքիքեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց խաղերուն մասնակից 27 մարզիկ քոյր-եղբայրներուն,
որոնք ձեռք բերին 17 մետալներ՝ ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ, ապա տեղի ունեցաւ մետալներու բաշխում:

Գնահատական խօսքեր փոխանցեցին վարչութեան անդամ մարզիչներ եղբ. Կարօ Թերզեան եւ եղբ. Ռոպէր Հոքիքեան։ Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Յակոբեան ընտանիքին, նուիրատուներուն՝ ծնողներուն, ներկաներուն, ՀՅԴ «Ս. Վրացեան» կոմիտէութեան եւ բոլոր անոնց, որոնց աջակցութեամբ կարելի եղաւ այս գործը ի կատար ածել:

Կարճ հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ ապա հրախաղեր (fireworks), որմէ ետք երեկոն շարունակուեցաւ ագգաին եւ յեղափոխական երգերով:

Նշենք, որ այս առթիւ, ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան զարկ տալու համար հանգանակուեցաւ 4 հազար տոլարի գումար մը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.