Վանգուվըրահայեր կ՚արժանան Էլիզապէթ Թագուհիի յոբելեանական շքանշանին

Օգոստոս 28-ին եւ Սեպտեմբեր 1-ին  Վանգուվըրի մէջ կայացած յատուկ հանդիսութիւններու ընթացքին Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի շարք մը քաղաքացիներ արժանացան Մեծն Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Թագուհիի գահակալութեան 70-ամեայ յոբելեանական շքանշանին։ Համայնքային երկարամեայ ծառայութեան համար շքանշանին արժանացան նաեւ Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Վահէ Անտոնեան եւ Սօսի Թերզեան-Եագուպեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.