Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Վ. եւ Ա. Սարաֆեան նախակրթարանի եւ Բաստրմաճեան երկրորդականի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւններ

Սուրբ  Յակոբ Ազգային վարժարանի Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան Նախակրթարանի Ծաղիկ կարգի վկայականաց բաշխումի  հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 18 Յունիս 2021-ին, վարժարանէն ներս: Ամբողջ օրը մանկապարտէզի փոքրիկները յատուկ յայտագիրով անակնկալներ ունեցան:

Իսկ Սուրբ  Յակոբ Ազգային վարժարանի Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան նախակրթարանի Զ. Կարգի Շամլեան հունձքի աշակերտներուն վկայագիրներու բաշխումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 23 Յունիս 2021-ին, կ.ե. ժամը 4:30-ին, վարժարանէն ներս: Հանդիսութեան ներկայ էին ուսուցչական կազմի անդամներ եւ ծնողներ:

Օրուան հանդիսավար տիկին Տիան Պայկըն՝ փոխ տնօրէնուհի նախակրթարանի ծաղիկէն մինչեւ 4-րդ կարգի, բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, որմէ ետք խօսք առաւ վարժարանի ընդհանուր տնօրէնուհի տիկին Լորի Ապրաքեանը:

Աշակերտները գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուցին տիկին Դալար Հարպոյեան Գալլօղլեանի ղեկավարութեամբ:

Վկայագիրներու բաշխումը կատարեցին ընդհանուր տնօրէնուհի տիկին Լորի Ապրաքեան եւ ուսուցչական կազմի անդամները:

Բաստրմաճեան Երկրորդականի Ե. կարգի Շամլեան հունձքի աշակերտներուն վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 30 Յունիս 2021-ին, ժամը 6:30-ին, վարժարանին մարզասրահէն ներս: Հանդիսութեան ներկայ էին յարգարժան հիւրեր՝ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, Արժանապատիւ Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ, ուսուցչական կազմ, ծնողներ եւ պատուարժան հիւրեր:

Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներուն յաջորդեց աւարտական դասարանի 37 աշակերտներուն մուտքը, որմէ ետք հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց օրուան հանդիսավար պրն. Մհեր Գարագաշեան:

Ընթացքին խօսք առաւ վարժարանի ընդհանուր տնօրէնուհի Լորի Ապրաքեան, որ նշեց. «Սիրելի՛ աշակերտներ, հակառակ ստեղծուած անբնական կացութիւններուն, կրցաք յաջողութեամբ աւարտել ձեր երկրորդական ուսումը, ձեռք բերելով ներկայ ժամանակներուն պարտադրած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու առաջին փորձառութիւնը։ Վարձքերնիդ կատար»: Ան նաեւ շեշտեց. «Այսօր, հաւանաբար պատեհ առիթն է, որ մեր երախտագիտական խօսքը ուղղենք ձեր ծնողներուն, որոնք հաւատացին հայ դպրոցի առաքելութեան, հայեցի կրթութիւնը անհրաժեշտ նկատեցին եւ ձեր դաստիարակութիւնը վստահեցան մեզի»:

Վկայագիրներու եւ մրցանակներու բաշխումը կատարեցին ընդհանուր տնօրէնուհի տիկ. Լորի Ապրաքեան եւ պրն. Մհեր Գարագաշեան, որմէ ետք ֆրանսերէնով խօսք առաւ Յակոբ Շահինեան, ապա անգլերէնով Նանոր Աննա Փիլիպոսեան, որոնք յիշեցին իրենց դպրոցական օրերէն հաճելի դէպքեր եւ յիշատակելի պահեր, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ուսուցիչներուն: Հայերէնով հրաժեշտի խօսքը փոխանցեց Սէրլի Ահարոնեան:

Փակման խօսքը կատարեց Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան, որ մեծապէս գնահատեց  վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը եւ շեշտեց, որ այս է հայ աշակերտին տիպարը, այսպէս է, որ կը դաստիարակուին մեր շրջանաւարտները: Ան նաեւ մեծապէս գնահատեց եւ շնորհաւորեց մեր շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները:

Պարգեւներ եւ մրցանակներ

Երկրորդական Ե. կարգ

2020 – 2021

 – Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւնը մրցանակ շնորհեց հայերէնի մէջ տարեկան բարձրագոյն միջին ապահովող հետեւեալ աշակերտներուն.

Մարտին Երէմեանին, Ա. Մրցանակ:

Սէրլի Ահարոնեանին, Բ. Մրցանակ:

– Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը մրցանակ շնորհեց ֆրանսերէնի մէջ բարձրագոյն միջին ապահովող հետեւեալ աշակերտնին.

  • Յակոբ Շահինեանին:

– ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը պարգեւատրեց օրինակելի կամաւոր աշխատանք ցուցաբերող հետեւեալ աշակերտը.

  • Սարին Սարգիսեանը:

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղը պարգեւատրեց գիտական նիւթերուն մէջ բարձրագոյն միջին ապահովող հետեւեալ աշակերտները.

  • Սէրլի Ահարոնեանը:
  • Յակոբ Շահինեանը:

– ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղը պարգեւատրեց գնահատելի ընդհանուր միջին ապահովող եւ միութենական կեանքի մէջ ներդրում ունեցող հետեւեալ աշակերտը.

  • Աւետ Գազարեանը:

– ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութիւնը պարգեւատրեց Հայոց պատմութեան եւ միջազգային պատմութեան միացեալ նիւթերուն մէջ գնահատելի միջին ապահովող հետեւեալ աշակերտները.

  • Բալիկ Համալեանը:
  • Ճոնի Կարպոյեանը:

– Գանատայի Հայ Առեւտրականներու Խորհուրդը մրցանակ նուիրեց անգլերէնի մէջ  բարձրագոյն միջին ապահովող  եւ Entrepreneuriat-ի մէջ  բարձրագոյն միջին ապահովող հետեւեալ աշակերտներուն.

  • Ալիք Յակոբեանին:
  • Նանոր Փիլիպոսեանին:

– Բժ. Փիեռ Ասլանեան պարգեւատրեց վերջին երեք տարիներուն իր կարգին բարձրագոյն ընդհանուր միջինը ապահովող հետեւեալ աշակերտին.

  • Սէրլի Ահարոնեանին:

  

Իսկ Սուրբ  Յակոբ Ազգային վարժարանի Բատրմաճեան երկրորդականի Ե. Կարգի 2019-2020 Էլոյեան հունձքի աշակերտներուն վկայականներու բաշխման  հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 3 Յուլիս 2021-ին, ժամը 2:30-ին, վարժարանին Բաստրմաճեան սրահէն ներս: Հանդէսին ներկայ էին յարգարժան հիւրեր՝ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան՝ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, Արժանապատիւ Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան, ուսուցչական կազմ, ծնողներ եւ պատուարժան հիւրեր:

Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներուն յաջորդեց աւարտական դասարանի 37 աշակերտներուն մուտքը, որմէ ետք հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց օրուան հանդիսավար պրն. Մհեր Գարագաշեան:

Ապա խօսք առաւ վարժարանի ընդհանուր տնօրէնուհի Լորի Ապրաքեան, որ նշեց. «Վերջապէս հասաւ այն պահը, որուն տարիներէ ի վեր կը սպասէք։ Ձեր ծնողներուն ներկայութեամբ, կը ստանաք Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան երկրորդականի ձեր վկայականը։ Տարի մը ուշ, բայց եւ այնպէս նոյնքան թանկագին է այս պահը, վստահաբար։ Ճիշդ է, որ այս տարուան հանդիսութիւնը չի նմանիր նախորդներուն։ Ձեր վերջին տարին մեր վարժարանէն ներս, ինչպէս նաեւ ձեր իւրաքանչիւրիդ ընտրած College-ներէն ներս ձեր առաջին տարին եղան աննախադէպ մարտրահրաւէրներով լեցուն տարիներ, որոնք դժուարացուցին ձեր առօրեան, սակայն միաժամանակ պատճառ դարձան, որ երեւան գան ձեր մէջ թաքնուած ստեղծագործական տարբեր ներուժեր, ամէնօրեայ հարցերը լուծելու բազմապիսի եւ անսովոր հնարքներով լուծելու ունակութիւն, մանաւանդ՝ տոկունութիւն  կարենալ շարունակելու ձեր երթը»:

Ան շեշտեց. «Դուք կը ներկայացնէք Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան երկրորդականի 32-րդ հունձքը, զոր կը նուիրենք մեր գաղութի վաստակաշատ անդամ, մեր դպրոցի երկրորդական բաժինի հիմնադիր տնօրէնուհի տիկին Աղաւնի Էլոյեանի յիշատակին։ Ան իր կեանքը նուիրեց հայ դպրոցին, լեզուի զարգացման եւ որակեալ սերունդներ հասցուց մեր համայնքէն ներս։ Տիկին Էլոյեանին ակնկալութիւնները շատ բարձր էին, եւ ան ամենայն բծախնդրութեամբ եւ նուիրումով գործեց, որպէսզի մենք ժառանգենք բարձրագոյն ուսում փոխանցող այս վեհ հաստատութիւնը։»:

Վկայագիրներու եւ մրցանակներու բաշխումը կատարեցին ընդհանուր տնօրէնուհի տիկին Լորի Ապրաքեան եւ պրն.Մհեր Գարագաշեան, որմէ ետք ֆրանսերէնով  եւ հայերէնով խօսք առաւ Հրակ Պանքեան:

Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան հանդիսութեան փակման խօսքը կատարեց եւ մեծապէս գնահատեց  վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, շրջանաւարտներն ու ծնողները:

 

Պարգեւներ եւ մրցանակներ

Երկրորդական Ե. կարգ

2019 – 2020

 – Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւնը մրցանակ շնորհեց հայերէնի մէջ տարեկան բարձրագոյն միջին ապահովող հետեւեալ աշակերտներուն.

  • Հրակ Պանքեանին, Ա. Կարգ:
  • Կալին Նազարեանին, Բ. Կարգ:

– Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը մրցանակ շնորհեց ֆրանսերէնի մէջ բարձրագոյն միջին ապահովող հետեւեալ աշակերտնին.

  • Հրակ Պանքեանին:
  • Քարին Մղտեսեանին:

– ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը պարգեւատրեց օրինակելի կամաւոր աշխատանք ցուցաբերող հետեւեալ աշակերտը.

  • Հրակ Պանքեանը:
  • Արենի Ապրաքեանը:

– ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղը պարգեւատրեց գնահատելի ընդհանուր միջին ապահովող եւ միութենական կեանքի մէջ ներդրում ունեցող հետեւեալ աշակերտը.

  • Հրակ Պանքեանը:
  • Քարին Մղտեսեանը:

– Գանատայի Հայ Առեւտրականներու Խորհուրդը մրցանակ նուիրեց անգլերէնի մէջ  բարձրագոյն միջին ապահովող  եւ Entrepreneuriat-ի մէջ  բարձրագոյն միջին ապահովող հետեւեալ աշակերտներուն.

  • Կարին Փիլիպոսեանին:
  • Քարին Մղտեսեանին:

– Բժ. Փիեռ Ասլանեան պարգեւատրեց վերջին երեք տարիներուն իր կարգին բարձրագոյն ընդհանուր միջինը ապահովող հետեւեալ աշակերտին.

Հրակ Պանքեանին:

Gouverneur Général-ի մէտալ ստացաւ հետեւեալ աշակերտը.

Հրակ Պանքեանը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.