Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի Վերամուտ 2022-2023

30 oգոստոս 2022-ի առաւօտը նշանակալից էր Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի աշակերտութեան համար: Վարժարանէն ներս աշխուժ մթնոլորտ մը կը տիրէր։ Ամառնային արձակուրդէն ետք` վերջապէս վերամուտ էր: Տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, աշակերտներն ու ծնողները` եռանդով, խանդավառութեամբ եւ յաջող ուսումնական տարուան մը ակնկալիքով զիրար կ՚ողջունէին, բարձր տրամադրութիւն փոխանցելով իրարու:

Վ. Եւ Ա. Սարաֆեան նախակրթարանի աշակերտները դպրոցական տարեշրջանի իրենց առաջին օրը սկսան համախմբումով բակին մէջ, որ զարդարուած էր գոյնզգոյն փուչիկներով: Աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն կողմէ դիմաւորուեցան ժպիտով եւ համապատասխան թղթիկներով, որոնք աշակերտները կը կապէին 2022-2023 տարեշրջանը յատկանշող թեմային` Տոհմանշանները կամ տոտեմ անասունները, որ ներշնչուած են հայկական բնիկ, խորհրդանշական եւ դիցաբանական արարածներէ։

Վարժարանիս Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն վերամուտը տեղի ունեցաւ երկու օրերու ընթացքին, դիւրացնելու համար անոնց համարկումը դպրոցէն ներս եւ համարկումը շրջապատին հետ: Փոքրիկները դիմաւորուեցան այն դաստիարակներուն կողմէ, որոնք  ամբողջ տարի մը մեծ գուրգուրանքով եւ բծախնդրութեամբ  պիտի հետեւին իրենց կրթութեան եւ դաստիարակութեան ու իրենց կեանքը պիտի լեցնեն մանկական քաղցր յիշատակներով, երգով, պարով ու խաղով:  Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն համար նախատեսուած ամենէն իմաստալից պահը այն էր, երբ աւարտական կարգի աշակերտները բարի գալուստի վարդեր նուիրեցին անոնցմէ իւրաքանչիւրին։ Անոնք միասնաբար վերյիշեցին իրենց դողդոջուն քայլերը որոնք զիրենք առաջնորդած էին կրթութեան այս ամրոցը,  եւ ամրապնդեցին ընկերային այն կապը, որ ստեղծուած է Սուրբ Յակոբի տանիքին տակ հասակ առնող սերունդներուն միջեւ:

Իսկ Բաստրմաճեան երկրորդականի աշակերտները ներկայացան դպրոց՝ դասարան առ դասարան։ Անոնք Բաստրմաճեան թատերասրահէն ներս հանդիպում ունեցան տնօրէնութեան հետ, ստացան իրենց գիրքերն ու դասացոյցերը, տեսնուեցան իրենց դաստիարակներուն հետ եւ կարճ պահ մը անցընելով դպրոցէն ներս, վերադարձան իրենց տուները, հաստատ գիտնալով թէ ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին, պետական ուսումնական ծրագրի կողքին, պիտի վայելեն Ս.Յակոբ վարժարանի իւրայատուկ եւ անզուգական հայկական եւ ընկերային մտերմիկ մթնոլորտը, հաճելի զրոյցներն ու խաղերը։

Աշակերտ, ուսուցիչ  եւ ծնողք,  ուրախ են որ անգամ մը եւս կը վերադառնան իրենց սիրելի եւ հարազատ տունը, ուր անմիջապէս կը մտնեն ուսումնական նոր տարեշրջանի հունին մէջ, ինչպէս նաեւ առիթը կ՛ունենան իրարու ծանօթանալու, ընկերանալու եւ միասին դպրոցական նոր յիշատակներ արձանագրելու։

Բարի վերամուտ բոլորին։ Կը յուսանք, որ այս դպրոցական տարեշրջանի խորհրդանիշ ընտրուած տոտեմները ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս կ՛առաջնորդեն մեր աշակերտները, ծնողները եւ դպրոցի անձնակազմը դէպի ամենայաջող ուսումնական տարեշրջան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.